2009-04-18 13:07:06

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱՅԻ ՄԷՋ 19-26 ԱՊՐԻԼԸ ՀՌՉԱԿՈՒԱԾ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԻՇԱՏԱԿԵԼՈՒ ՕՐԵՐ ։ Քալիֆորնիոյ կառավարիչ Առնոլտ Շուարցենեկըր 19-26 ապրիլը Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշատակելու օրեր հռչակեց։ Կառավարիչ Շուարցենեկըր իր յայտարարութեան մէջ կը նշէ, որ ՝՝չորս տարի առաջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշելու օրերը մնայուն կերպով ճանչցող օրինագիծ մը ստորագրեցի։ Այս շաբաթ, այս յանձնառութիւնը կը յարգենք, մինչ մեր հայ բարեկամներուն եւ դրացիներուն հետ այստեղ եւ աշխարհի տարածքին զօրավիգ կը կանգնինք՝ յիշելու եւ ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը, անոր քանդած ընտանիքները եւ անոր փոխած պատմութիւնը։ Այդպիսի ցաւեր չենք ուզեր յիշել, սակայն պէտք է յիշենք, որպէսզի կարենանք սորվիլ պատմութենէն եւ վերանորոգենք մեր ջանքերը՝ երաշխաւորելու համար, որ նման ոչինչ անգամ եւս պիտի պատահի՝՝։ Յիշենք որ ասիկա Քալիֆորնիոյ կառավարիչին կողմէ անցնող 13 տարիներուն ընթացքին հրապարակուած 12-րդ հռչակագիրն է եւ կուգայ աւելնալու Քալիֆորնիոյ Խորհուրդին եւ Ծերակոյտին կողմէ 1991-էն ի վեր հրապարակուած 17 հռչակագիրներուն վրայ։

ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ ։Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին նուիրուած Գարնան Յիշատակի Համերգը տեղի ունեցած է 15 ապրիլին ՝՝Ար. Փի. Միուզիքըլ Մենէյճմընթ՝՝ կազմակերպութեան եւ Լոնտոնի մէջ Հայաստանի Դեսպանութեան միացեալ ջանքերով, Լոնտոնի հանրայայտ ՝՝Ուիկմոր՝՝ սրահին մէջ՝ մասնակցութեամբ հանրաճանաչ կատարողներ Հրաչեայ Ալանէսեանի, Էշլի Ուասսի եւ Այլիշ Տինանի։Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու գացած էին բազմաթիւ բրիտանացի հանդիսականներ, նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներ։

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՏԱՆԱՅԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒՆ։ Հայաստանի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկը 20-21 ապրիլ 2009-ին կը կազմակերպէ Գիտաժողով մը՝ նուիրուած 1909 թուականի ապրիլին Օսմանեան կայսրութեան Ատանայի նահանգին մէջ գործադրուած հայկական կոտորածներու հարիւրամեայ տարելիցին։ Գիտաժողովին ընթացքին զեկուցումներով հանդէս պիտի գան պատմաբան մասնագէտներ Հայաստանէն, Իտալիայէն, Հունգարիայէն, Աւստրիայէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Շուէտէն։ Երկօրեայ Գիտաժողովին ընթացքին բանախօսները կարելիութիւն պիտի ունենան ներկայացնելու զեկուցումներ 1909 թուականի գարնան տեղի ունեցած հայկական ջարդերուն վերաբերեալ, հիմնականին մէջ անդրադառնալով անոնց դրդապատճառներուն, հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային արձագանգներուն։1909 թուականին Ատանայի ջարդերը ազդարարած են հայոց բնաջնջման լայնածաւալ քաղաքականութեան սկիզբը, որ շարունակուած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն եւ անկէ ետք։

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 16 ապրիլին հանդիպած է Արցախ ժամանած՝ Հայաստանի Ազային ժողովի պատուիրակութեան հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ընկերային, կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ երկու հայկական պետութիւններուն փոխադարձ գործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր։ Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձած է ժողովրդարական իրավիճակի բարելաւման։Բակօ Սահակեան նշած է, որ Արցախի մէջ վերաբնակեցման ծրագիրի իրականացումը Համազգային հիմնախնդիր է, որ էապէս նոր որակ պիտի հաղորդէ համահայկական համարկումին։Հանդիպման ներկայ եղած են Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ։

436 ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՄԵԿՆԵՑԱՆ ՏԷՐ ԶՕՐ։ 17 Ապրիլի առաւօտ լիբանանահայ 10 վարժարաններու 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններէն 436 աշակերտներ, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանէն ուսանողներ եւ ՀԵՀՈՄ-ի անդամներ մեկնեցան Տէր Զօր՝ մօտէն եւ շօշափելի կերպով հաղորդուելու համար մեր նահատակներուն յիշատակով, ինչպէս նաեւ վերանորոգելու իրենց ուխտը եւ ամրապնդուելու՝ անոնց պատգամով։








All the contents on this site are copyrighted ©.