Հայկական Երաժշտութիւն - Հայկական երաժշտութեան վարպետները\
Սարգիս Բարխուդարեան
Հայկական Երաժշտութիւն - Հայկական երաժշտութեան վարպետները\
Սարգիս Բարխուդարեան
Սարգիս
Բարխուդարեան ծնած է Թիֆլիս 1887-ին. Ան հայկական երաժշտութեան յօրինող մեծ վարպետներէն
մին է։ Իր նախնական ուսումները աւարտելէ ետք Թիֆլիսի հայկական վարժարանին մէջ, ան, որպէս
երաժշտութեան ուսումի ձիրքի տէր անձ մը, ուղարկուած է Պերլին եւ տեղւոյն երաժշտանոցին
մէջ, զոր յաճախած է 1907-էն մինչեւ 1909, եւ ուր մասնագիտացած է գլխաւորաբար դաշնամուրի
նուագին մէջ, իբր ուսուցիչ ունենալով Շուլցը։
Անկէ ետք` կը մեկնի Բեդրոկրատ,
ուր կը հետեւի տեղական Գոնսերվաթորիային մէջ, երաժշտութեան յօրինման, ունենալով որպէս
ուսուցիչ` Գալաֆաթ, Շթայնպերկ եւ Վիտոլ։ Յետագային կը դասաւանդէ նաեւ թէ Թիֆլիսի, թէ
Երեւանի երաժշտանոցներուն մէջ։
Իր ստեղծագործութեան էական բաժինը կը կայանայ դաշնամուրի
համար մանր նուագներու յօրինման մէջ։ Ինչ որ շահեկան է հայ երաժշտութեան համար` այն է
որ Բարխուդարեան իր ստեղծագործութիւններուն տուած է հայկական գոյն, այսպէսով զարգացնելով
տոհմային երաժշտութիւնը, որ ընդհանրապէս միշտ մնացած է բերանացի աւանդութեան մէջ։
Նշանաւոր
են իր Արեւելեան Պարերը, 1910-էն մինչեւ 1913, որոնք հիմնական դեր կատարեցին հայկական
երաժշտական նորաստեղծ արուեստին մէջ։ Ընդհանրապէս պարեղանակները ժողովուրդի ազատ ստեղծագործութիւններ
եղած են, ասոր համար ալ` յաճախ իրարմէ կը տարբերին տեղւոյն, առիթին կամ նուագողներուն
համաձայն։
Բարխուդարեան` զանոնք նօթագրելով, նախ փրկեց կորուստէ, եւ ապա` կանոնաւորեց
եւ դաշնաւորումով` ձեւաւորեց, ինչ որ մեծ բախտաւորութիւն եղաւ մասնաւորապէս յետագային
եկող սերունդներուն համար։ Ան հեղինակն է նաեւ երկու շարք մանր դաշնամուրային կտորներու,
որոնք միշտ կը կրեն հայկական գոյն ու դրոշմ. Անոնք գրուած են 1910-էն մինչեւ 1923 թուականներուն
միջեւ։
1917-ին` կը յօրինէ իր առաջին երկար ստեղծագործութիւնը, որ է Անոյշ սիմֆոնիք
պոէմը։ Ապա 1932-ին` Անդր-ֆետերացիա Սուիթը։ Իր երրորդ ստեղծագործութիւնն է Նարինէ Պալլէթը,
1938-ին, որ սակայն միայն իր մահուընէ ետք բեմադրուեցաւ։
Մինչեւ 1936 թուականը
ապրած է Թիֆլիսի մէջ, մերթ ընդ մերթ Երեւան մնալով։ Այդ թուականին կը ստանայ Վրաստանի
արուեստի վաստակաւոր գործիչի պատուանշանը. Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք` աւելի
կը մնայ Երեւան, ուր զարկ կու տայ Երեւանի երաժշտական թատրոնին, զանազան կատակերգութիւններու
համար նուագներ յօրինելով։ Այսպէս զոր օրինակ` Յակոբ Պարոնեանի Մեծապատիւ Մուրացկաններու
նուագները, ինչպէս նաեւ Դերենիկ Դեմիրճեանի Քաջ Նազար զաւեշտին նուագը։
1942-43
թուականներուն` Բարխուդարեան յօրինած է 25 կտորներ մանուկներու համար, ինչպէս նաեւ Քեռի
Քուչի մանկական Օփերան։ Ապա` երբ Հայաստանի մէջ սկսած է Շարժապատկերի – Սինեմայի – արուեստը,
ան յօրինած է երաժշտութիւնը Կարօ եւ Տէրն ու Ծառան ֆիլմերուն։ Ըրած է նաեւ աշուղական
երգերու մշակումներ։
Սարգիս Բարխուդարեան կը մեռնի Թիֆլիսի մէջ 1973-ին. Իր մարմինը
կը փոխադրուի Երեւան, ուր թաղուած է։