2009-04-17 13:31:17

Կիրակի 19 Ապրիլ 2009, Պենետիկտոս ԺԶ.ի քահանայապետութեան Դ. տարեդարձն է։


Կիրակի 19 Ապրիլ 2009, Պենետիկտոս ԺԶ.ի քահանայապետութեան Դ. տարեդարձն է։



Այս չորս տարիներուն ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ Հռոմի պապը 11 առաքելական ճամբորդութիւններ կատարեց, այցելեց մզկիթ մը եւ հրէական տաճար մը, հրապարակեց երկու շրջաբերական թուղթեր, գումարեց երկու կարտինալական ժողովներ եւ հռչակեց 18 նոր սուրբեր։ Նոյնպէս Վատիկանի մէջ ընդունեց նախ Էջմիածնի կաթողկոսը` Գարեգին Բ Վեհափառը եւ ապա Անթլիասի կաթողիկոսը Արամ Ա. վեհափառը։ Իսկ յառաջիկայ մայիսին ՜՜Ս. Երկիր՝՝ պիտի այցելէ, յաջորդաբար այցելելով Յորդանանը, Իսրայէլը եւ Պաղեստինը։ Ապրիլ 16ին` Պենետիկտոս ԺԶ իր քահանայ եղբօրը ներկայութեամբ անաղմուկ տօնախմբեց իր ծննդեան 82-ամեակը ԳասթելԿոնտոլֆօ քահանայապետական ամառանոցին մէջ։ Ռատիովատիկանի տնօրէնը Յիսուսեան հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի Սրբազան Քահայանապետին ծննդեան տարեդարձի նախօրեակին յատարարած է թէ Պենետիկտոս ԺԶ.ը ոչ միայն մշակոյթի, աստուածաբանութեան ու հոգեւոր կեանքով խոր մարդ մըն է, այլեւ յատկանշուած է իր մարդասիրութեամբ, ազնուութեամբ ու սուր զգայնութեամբ, մատնանշելով թէ Քահանայապետը խորապէս ապրեցաւ Իտալիոյ Ապրուցօ շրջանի երկրաշարժի աղէտեալներու ողբերգութիւնը։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Ս. Գրքի քահանայապետական յանձանախումբը կազմուած 20 մասնագէտներէ, Հռոմի մէջ ժողով կը գումարէ ապրիլ 20-24։



Ս. Գիրքի քահանայապետական յանձանախումբը իր լիանիստ ժողովը կը գումարէ Վատիկան, Հաւատոյ ժողովի կառավարիչ կարտինալ Ուլիամ Լեվատայի գլխաւորութեամբ։ Ժողովականներուն թղթածրար մը բաժնուեցաւ հետեւեալ նիւթին մասին. ''Ս. Գրքի ներշնչումը եւ ճշմարտութիւնը''։ 20 հոգինոց մասնագէտներու յանձնախումբը, ընտրուած է հինգ տարուայ համար, անիկա խորհրդատու մարմին մըն է ի սպաս Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան։



Ս. Անսելմի մահուան 9րդ դարադարձի հանդիսութիւնները .

Ան հռչակուած է եկեղեցւոյ վարդապետ։



Պոլոնիայի վաստակաւոր Կարտինալը Պիֆֆի, որպէս Քահանայապետի պատուիրակ կը գլխաւորէ Ս. Անսելմի մահուան 9րդ դարադարձի հանդիսութիւնները (1034-1009) որ տեղի կ'ունենան Իտալիոյ Վալ տ'Աուսդա մարզը ապրիլ 19-26։ Եկեղեցին 1720-ին զինք հռչակած էր ՜՜Եկեղեցւոյ Վարդապետ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.