2009-04-17 13:56:53

Լուրեր հայ աշխարհէն

Համաշխարհային ճգնաժամի ազդեցութիւնը Հայաստանի ներքին զբօսաշրջութեան վրայ։


Հայաստանի հիւրանոցներու ընկերակցութեան նախագահը Յակոբ Յակոբեան, յայտնած է որ համաշխարհային դրամատնտեսական ճգնաժամի հետեւանքները բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենան Հայաստանի ներքին զբօսաշրջութեան զարգացման վրայ, որովհետեւ ստեղծուած իրադրութիւնը եւ դրամի արժեզրկումը յանգեցուցին ազգաբնակչութեան եկամուտներու նուազման, ինչպէս նաեւ աշխատատեղիներու կրճատման։ Ան ըսած է նաեւ որ հայ ընտանիքներու պիւտճէի կրճատման պատճառով, շատերուն համար դժուար պիտի ըլլայ Հայաստանի շրջաններ կամ ԼՂՀ մեկնիլ հանգստանալու համար. աւելցնելով՝ որ անհաւանական է զբօսաշրջային ծառայութիւններու գինի կրճատում, քանի որ, հիւրանոցներու ծախսերուն 80 տոկոսը կը կազմեն աշխատավարձերը ու հարկային եւ հասարակական վճարումները։



Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը կը պատուէ Հայ Աւետարանական Քոլէճի տնօրէնը-Լիբանան։

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Սպարտակ Սէյրանեան ստորագրած է պատուոյ գիր մը, Հայ Աւետարանական Քոլէճի 85-ամեակին առիթով, զոր յանձնած է Լիբանանի մօտ Հ Հ դեսպանը յիշեալ քոլէճի տնօրէն՝ դոկտ Զաւէն Մսըրլեանին։ Պատուոյ գիրին մէջ կը կարդանք. ՜՜Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան այս պատուոյ գիրով կը պարգեւատրուի Լիբանանի Հայ Աւետարանական քոլեճը առ ի գնահատանք անոր աւանդին՝ հայ մատաղ սերունդը ազգային ոգիով կրթելու, ու դաստիարակելու գործին մէջ ու նաեւ քոլէճի հիմնադրման 85-ամեակին առիթով։



Երեւանի Ոսկէ Ծիրան Շարժանկարներու միջազգային Փառատօնը

Ոսկէ Ծիրան 6րդ փառատօնը այս տարի պիտի կայանայ 12 - 19 Յուլիս 2009-ին :

Հ Հ մշակոյթի նախարարութեան պետական աջակցութեան կողքին, Վիւասել ընկերութիւնը այս տարի եւս պիտի հովանաւորէ փառատօնին։

Փառատօնը պիտի ունենայ երեք հիմնական ծրագիրներ՝ Միջազգային խաղարկային եւ վաւերագրական, ինչպէս նաեւ Հայկական համայնապատկեր մրցոյթները։ Արդէն Յունուարի սկիզբէն մինչեւ 30 Ապրիլ տեղի կ՝ունենան Մրցութային ծրագիրներուն համար դիմումնագրերու ընդունումը։ Ցարդ 60 տարբեր երկիրներ՝ շուրջ 300 ֆիլմերով, մասնակցութեան դիմումնագրեր ներկայացուցած են։ Ոսկէ Ծիրան փառատօնի շրջագիծէն ներս, այս տարի 3րդ անգամ ըլլալով, Յուլիս 14 - 16 պիտի կայանայ բեմադրիչներ առանց սահմաններու տարածաշրջանային համատեղ արտադրութեան համաժողովը, որուն նպատակն է խթանել համատեղ ֆիլմարտադրութիւնը։

Փառատօնը պիտի համագործակցի Եունիֆրանս միջազգային ցանցին, Կէօթէ հիմնարկին, Լեհական արտադրութեան ընկերութիւններուն եւ միջազգային քանի մը այլ հաստատութիւններու հետ, որոնք ամէն տարի կը տրամադրեն եւրոպական լաւագոյն ֆիլմերը։ Փառատօնը նաեւ պիտի ջանայ արեւելք-արեւմուտք հաւասարակշռութիւնը պահպանել՝ գործադրելով ֆիլմերու Արաբական գիշերներ ծրագիրը, որ անցեալ տարի մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր հանդիսատեսներուն մօտ։

Յետահայեաց ցուցադրութիւններու շարքին՝ պիտի ըլլան շարք մը ՜՜հայ յոբելեարներու ՝՝ֆիլմերու՝ ցուցադրութիւն, որոնք իրենց զգալի հետքը ձգած են հայ ֆիլմարուեստին վրայ, ինչպէս՝ Բագրատ Յովհաննիսեան (80ամեակ), Արման Մանարեան (80ամեակ) եւ Ներսէս Յովհաննիսեան (70ամեակ)։








All the contents on this site are copyrighted ©.