2009-04-15 13:11:46

Լուրեր հայ աշխարհէն

Կոմիտասի 140-ամեակին նուիրուած երգահանդէսներու շարք


Հայաստանի պետական սենեկային երգչախումբը, Կոմիտասի 140-ամեակին նուիրուած երգահանդէսներու շարքին մասին յայտարարած է նշելով ՜՜ Հայ մեծ երգահանին յոբելեանին առիթով կը նախատեսուի կատարել շարք մը ձեռնարկներ այն երկիրներուն մէջ, ուր ան՝ Կոմիտաս աշխատած եւ ստեղծագործած էր ։ Ծրագիրը մեծ մասամբ հիմնուած է Կոմիտասի երգչախմբային ստեղծագործութիւններուն վրայ՝՝։

Երեւանէն բացի, երգահանդէսներ տեղի պիտի ունենան նաեւ Հայաստանի տարբեր քաղաքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Գերմանիոյ, ուր ուսած եւ աշխատած է Կոմիտաս, Ֆրանսայի մէջ, ուր ան բազմիցս առիթ ունեցած է ներկայացնելու հայկական երաժշտութիւնը, Զուիցերիոյ եւ Իտալիոյ մէջ, ուր ան տեղւոյն գաղութին հրաւէրով տուած է դասախօսութիւններ հայկական մշակոյթին մասին։

Հոգեւոր երաժշտութեան կեդրոնի տնօրէն, երաժշտագէտ Մհեր Նաւոյեան յայտնած է, որ՝ Առաջին անգամ մշակուած եւ կատարելութեան հասցուած հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը Արեւմուտքին ներկայացուեցաւ Կոմիտասի շնորհիւ։ Ոչ ոք չկրցաւ շարունակել եւ համաշխարհային մակարդակով ներկայացնել հայկական երաժշտութիւնը, այն հետեւողականութեամբ եւ գիտական ճշգրտութեամբ, ինչպէս կատարեց Կոմիտաս։ Ան շարունակած է՝ ըսելով, որ շնորհիւ Կոմիտասի 140-ամեակի տօնակատարութեան, պետական սենեկային երգչախումբին օգնութեամբ, կարելիութիւն ընձեռուած է գիտականօրէն ներկայացնելու մշակուած հայկական երաժշտութիւնը այն երկիրներուն մէջ, ուր ժամանակին աշխատած եւ ստեղծագործած է մեծ վարպետը։

Կոմիտասի անուան պետական սենեկային երգչախումբի գեղարուեստական գլխաւոր ղեկավար Ռոպերթ Մլքէեան ըսած է որ՝ երգչախումբը հսկայական աշխատանք տարած է Կոմիտասի հոգեւոր ու աշխարհիկ ստեղծագործութիւններուն՝ մեծաքանակ աշխատանքներու կատարման նախապատրաստութեան ուղղութեամբ։ Այսօր, ըսած է ան, մեր ունեցած դժուար հարցերէն մէկը՝ Կոմիտասի մեկնաբանութեամբ ձայնասկաւառակի ձայնագրութիւններէ եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն ներկայացումը Եւրոպայի մէջ իրագործելն է։ Այն երկիրներու ցանկին մէջ, ուր պիտի ներկայացնեն Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները, կազմակերպիչները որոշած են բացառել Թուրքիան, որովհետեւ Կոմիտաս Հայոց ցեղասպանութեան զոհ է, իսկ Թուրքիան ցարդ չէ ընդունած իր գործած ոճիրը։ Պետական Սենեկային Երգչախումբը՝ Կոմիտասի 140-ամեակին նուիրուած իր միջազգային շրջագայութիւնը պիտի սկսի Ֆրանսայէն։ Սորպոնի մէջ, ուր ժամանակին Ռոմեն Ռոլանի հրաւէրով հանդէս եկած է Կոմիտաս, դասախօսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ՝ նուիրուած Կոմիտասի կեանքին եւ գործունէութեան։ Կը նախատեսուի նաեւ, որ երգչախումբը այլ ելոյթ մը ունենայ Հաշմանդամներու պետական տան դահլիճին մէջ, ուր, ըստ մասնագէտներու գնահատութեան, հնչեղութիւնը հիանալի է։








All the contents on this site are copyrighted ©.