2009-04-15 13:00:34

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՍԵՒԾՈՎԵԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ։ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի հանդիպումը տեղի կ'ունենայ 15 - 16 ապրիլին Երեւանի մէջ։ Հանդիպումին կը մասնակցին՝ Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ 12 երկիրներու պատուիրակութիւնները, կազմակերպութեան մէջ դէտի կարգավիճակ ունեցող 7 պետութեանց ներկայացուցիչներ եւ 3 միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Հանդիպման ընթացքին Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան կազմակերպութեան նախագահութիւնը՝ Հայաստանէն -Ազրպէյճանին պիտի փոխանցուի։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄԻՆ։ Թեհրանի մէջ ստորագրուած՝ Ութը կարեւոր Փաստաթուղթեր։ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երիցեան եւ իրանցի իր պաշտօնակիցը կը ստորագրեն Ազատ Առեւտուրի վերաբերեալ համաձայնագիր մը։ Նախաահ Սերժ Սարգսեան Թեհրան կեցութեան ընթացքին ընդգծեց, որ Հայաստան առանձնայատուկ կարեւորութիւն կու տայ Իրանի հետ յարաբերութիւններու ուժական ընդլայնումին, Իրանը նկատելով իբրեւ վստահելի ու առանցքային կարեւորութիւն ունեցող դրացի եւ դժուար օրերու բարեկամ,շնորհակալութիւն յայտնելով ինչպէս անկախութեան առաջին տարիներուն, նոյնպէս ալ անցեալ տարուան օգոստոսեան իրադարձութիւններու օրերուն Իրանի տարածքով առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու ներմուծման հարցին մէջ ցուցաբերուած բարեկամական աջակցութեան համար։ Նոյնպէս Նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ իր կարգին Հայաստանի հետ մշտապէս կայուն յարաբերութիւններու խորացումը որակեց իր երկրի արտաքին կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը։ Անհրաժեշտ է պահպանել եւ ընդլայնել ձեռքբերումները (նշեց Իրանի նախագահը)։ Երկու նախագահները ընդգծեցին, որ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայ-իրանական համագործակցութիւնը կը նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդումին։ Իրանի նախագահին հետ համատեղ մամուլի ասուլիս մը տալէ ետք, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է Թեհրանի ՝՝Արարատ՝՝ մարզա-մշակութային համալիրը՝ հանդիպելու համար հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի նախագահը շեշտած է այն կարեւոր դերը, զոր ունի իրանահայութիւնը երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ։Անդրադառնալով Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման,Սերժ Սարգսեան անգամ մը եւս պնդած է, որ Արցախը այլեւս երբե՛ք չի կրնար Ատրպէյճանին մաս կազմել։Իսկ անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ Հայաստանի նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստան միշտ պատրաստ է կարգաւորելու յարաբերութիւնները, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ պատրաստ է մոռնալու Ցեղասպանութիւնը։

ՀՅԴ. ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՌՈՒՍ-ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՋԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ։ 9 Ապրիլին Ռուսիոյ պետական տումային (խորհրդարան) մէջ տեղի ունեցաւ քննարկում ՝՝Խորհրդարանական հիմնարկներու դերը ռուս-եւրոպական երկխօսութեան զարգացման գործին մէջ ընկերվար-ժողովրդավարներու դիրքորոշումը՝՝ նիւթով։Անիկա նուիրուած էր Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Ընկերվարականներու խմբակի եւ Ռուսիոյ պետական տումայի Արդար Ռուսիա խմբակցութեան միջեւ փոխըմբռնումի յուշագիրի ստորագրութեան տարեդարձին։ Այս քննարկումին մասնակցեցաւ ՀՅԴ. Մոսկուայի Հայ դատի Գրասենեակի պատասխանատու Եուրի Նաւոյեան։

ԹՈՒՐՔԻԱ։Թրքական ոստիկանութիւնը (ապրիլ 14-ին) միաժամանակ թրքական 12 տարբեր նահանգներու մէջ ՔԱԿ-ի դէմ (քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւն) արշաւ մը շղթայազերծելով, աւելի քան քառասուն հոգի ձերբակալեց, ներառեալ՝ Ժողովրդավարական Ընկերութիւն կուսակցութեան բարձրաստիճան երեք պաշտօնատարներ։ Թրքական ՝՝Անատոլու՝՝ լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Տիարպեքիրի մէջ ձերբակալուած են Ժողովրդավարական կուսակցութեան փոխնախագահներ Քամուրան Եիւքսեք ու Պայրամ Ալթունը։ Կուսակցութեան փոխնախագահներէն Սելմա Ըրմաք ձերբակալուած է հարաւ-արեւելեան Մարտին նահանգին մէջ։ Ձերբակալուած է նաեւ ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտուլլահ Էօճալանի փաստաբան Սերաճեթթին Ըրմաք։ Արդարադատական աղբիւրներ ՝՝ԱՖՓ՝՝ ֆրան սական լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ անցեալ տարուընէ ի վեր ծրագրուող գործողութեան նպատակը Ժողովրդավարական Ընկերութիւն կուսակցութեան մէջ ՔԱԿ-ի հետ կապեր ունեցող անձերը բացայայտելն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.