Հայաստանի Եւ Իրանի Նախագահներու
Տեսացկութիւնը Թեհրանի Մէջ։ Պաշտօնական այցով Թեհրան գտնուող Հայաստանի նախագահ
Սերժ Սարգսեան երէկ առանձնազրոյց մը ունեցաւ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան նախագահ
Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ։ Երկու նախագահներու այս հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ ընդլայնուած
կազմով բանակցութիւններ։ Հայաստանի նախագահը երէկ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Իրանի Միլլի
մեճլիսի նախագահ Ալի Լարիճանի հետ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի երկօրեայ
պաշտօնական այցելութիւնը Իրան արդարեւ սկիզբ առաւ Ապրիլ 13ին։ Օդակայանին մէջ հայաստանեան
պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուչեհր Մոթթաքին, Իրանի
Իսլամական հանրապետութեան մօտ Հայաստանի դեսպան Սեյէտ Ալի Սաղաիեանը, Հայաստանի ուժանիւթի
եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեան,( որ արդէն Իրան կը գտնուէր), Իրանի Պետական
բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ Հայաստանի դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմը։
,
՝՝Ներկայ Ճգնաժամին
Պատճառով Հայաստանի Դրամատուները Ստիպուած Են Ըլալ
Խստապահանջ Եւ Զուսպ՝՝ ։
Հայաստանի Կեդրոնական Դամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան ՝՝Նովոսթի՝՝ միջազգային մամլոյ
կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցած է լրագրողներու հետ եւ յայտնած է, թէ Կեդրոնական Դրամատունը
կը նախատեսէր, որ երկրի տնտեսական աճը ամավարկին մէջ արձանագրուած 9,2 տոկոսէն ցած պիտի
ըլլայ։ Վարկաւորման ծաւալները նուազած են անցեալ տարուայ Մարտ ամսուայ հետ համեմատած՝
70 միլիարէն մինչեւ 52 միլիար , (ըսած է ան)։ Լրագրողներ հարց տուած են Կեդրոնական Դրամատան
նախագահին այն մասին, թէ՝՝անհրաժե՞շտ է պետական ամավարկը վերատեսութեան ենթարկել՝՝.
Չեմ կարծեր , որ պիւտճէն պէտք է վերանայուի, (ըսած է ԿԴ նախագահը), որովհետեւ, իր կարծիքով,
կառավարութիւնը արդէն յայտարարած է այն գործողութիւններուն մասին, զորս պիտի կատարէ.
ծախսերուն մէկ մասը տեղափոխուած է երկրորդ եռամսեակէն՝ 4րդ եռամսեակ եւ կառավարութիւնը
ունի բաւարար ներուժ այդպիսի փոփոխութիւններ կատարելու։ Կ.Դրամատան նախագահը
հաղորդած է նաեւ, թէ իր Դրամատունը ներկայիս բանակցութիւններ կը վարէ Ասիական դրամատան,
Առեւտուրի եւ Զարգացման Սեւծովեան, Վերակառուցման եւ Զարգացման Եւրոպական ու Գերմանական
դրամատուներու հետ, որոնցմէ կ'ակնկալուի միջոցներ ներգրաւել։
Թուրքիոյ
Մէջ Համացանցային Ձայնասփիւռի Նոր Կայանը Եւս Հայերէնով Հաղորդումներ Ունի։ՊՈԼԻՍ- Վերջերս
Թուրքիոյ պետական ձայնասփիւռի կայաններէն սփռուող քրտերէնով ու հայերէնով հաղորդումներուն
կողքին, քանի մը հայ, քիւրտ եւ թուրք երիտասարդներ բազմալեզու հաղորդումներ կատարող համացանցային
ձայնասփիւռի կայան մը հաստատած են ՝՝Նոր Ռատիօ՝՝ անունով, ուր թրքերէն հաղորդումներուն
կողքին տեղի կ'ունենան նաեւ հայերէնով, քրտերէնով, ինչպէս նաեւ Համշէնի բառբարով հաղորդումներ։
Հաղորդումները կը կատարուին www.norradyo.com հասցէին գտնուող համացանցային կայքէն, Թուրքիոյ
ժամով երեկոյեան 8էն մինչեւ կէս իշերէն ետք ժամը 1։Կայանը հիմնողներէն մէկն է հայազգի
Սայեաթ Թէքիր, որ ցաւ կը յայտնէ, թէ իր յայտագիրը ՝՝Անուշապուրը՝՝ թրքերէով կը կատարէ
ան, որովհետեւ նման յայտագիր մը պատրաստելու համար բաւարար հայերէն չէ սորված իր մանկութեան
ընթացքին։ Անոր գործակիցներէն մէկն է Սեւան Կարապետօղլուն, որ իր յայտագրին ընթացքին
կ'օգտագործէ հայկական ժողովրդային եւ դասական երգեր ու նուագներ։
Անոնց միացած
քիւրտ Պերճան Աքթաշ կը յայտնէ, թէ թրքական պետական ձայնասփիւռի կայաններէն փոքրամասնութեանց
լեզուներով կատարուող հաղորդումները անկեղծ չի համարեր եւ այդ իսկ պատճառով, նման կայան
մը հաստատելու կարիքը զգացուած է։ Կայանին չորրորդ հիմնադիրն է Էօյքիւ Էօզչիւնիք։
Միւս կողմէ թուրքիոյ պետական Թէ.ՌԷ.ԹԷ.Կայանի արեւելահայերէն սփռումները քննադատութեան
կ՝արժանանան,այս մասին Վերճիհան Զիֆլիօղլու թրքական ՝՝Հիւրրիյէթ՝՝ օրաթերթին մէջ ՝՝Ճիշդ
մտադրութիւն, սակայն սխալ բարբառ՝՝ խորագիրով իր յօդուածին մէջ կը նշէ, որ սխալի մը թէ
քաղաքական խուսափումի մը իբրեւ արդիւնք, թրքական պետական հայերէն ձայնասփիւռը կը սփռէ
արեւելահայերէնով, որ ըստ իրեն Հայաստանէն դուրս գտնուողներէն գրէթէ բոլորին անհասկնալի
է(ինչպէս որ մենք ալ անդրադարձած էինք մեր հաղորդումներուն մէջ)։Ան կը գրէ, որ Թուրքիոյ
հայերէն նոր ձայնասփիւռի կայանը, որուն պետութիւնը նախաձեռնած էր թրքահայերուն ծառայելու
համար, չհասաւ իր նպատակին, որովհետեւ կը սփռուի բարբառով մը, որ անհասկնալի է՝ տեղւոյն
հայութեան։ Եւրոպական Միութեան հետ Թուրքիոյ աւագ բանագնաց նախարար Էկեմեն Պաղըշ անցեալ
ուրբաթ օր կացութեան վերաբերեալ զարմանք յայտնեց եւ ըսաւ, թէ հետաքննութիւն պիտի կատարէ։
Այս ուղղուեամբ ՝՝Ակօս ՝՝շաբաթա թերթի խմբագիր Էթիեն Մահճուփեան ՝՝Հիւրրիյէթի՝՝ն յայտնած
է, որ ասիկա կը նշանակէ, թէ Թուրքիոյ թիրախը Հայաստանի մէջ ապրող ունկնդիրներն են, ոչ
թէ իր քաղաքացիները։ Այս նախաձեռնութիւնը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան զօրակցելու
համար է, ուստի անկեղծ չէ։ Անիկա մտածել կու տայ, որ Թուրքիա այսպիսի նախաձեռնութիւն
մը կը կատարէ առանց գիտնալ փորձելու, թէ իր քաղաքացիները ի՛նչ կուզեն։ Ակօս-ի հրատարակիչ
Բագրատ Էօզթուքեան նշած է, թէ ՝՝Թուրքիոյ հայերը արեւելահայերէն չեն կրնար հասկնալ կամ
խօսիլ՝՝։