2009-04-13 13:25:09

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ողջ Լեր թագուհի Մարեմեան աղօթքը ''Գասդել-Կանտոլֆօ''ի քահանայապետական ամարանոցէն



Աւագ շաբթուայ ու Քրիստոսի փառաւոր Յարութեան ծիսակատարութիւններէն ետք, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբզ. Քահանայապետը ուղղուեցաւ ՜՜Գասդել-Կոնտոլֆօ՝ քահանայապետական ամարանոց՝՝ ուր շաբաթ մը հանգիստ պիտի կատարէ ու պատրաստուի Ս. Երկրի ուխտագնացութեան, ինչպէս նաեւ Ապրուցo-ի երկրաշարժի աղէտեալներու այցելութեան։

Կիրակի` 12 Ապրիլ 2009-ին, Քրիստոսի փառաւոր Յարութեան տօնին օրը, Սրբազան հայրը առաւօտեան ժամը 10.15ին Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ Զատկական պատարագը մատուցեց եւ ապա Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն Զատկական պատգամը եւ առաքելական օրհնութիւնը տուաւ ՝՝Հռոմ քաղաքին ու երկրագունտի բոլոր բնակիչներուն՝՝։

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՜՜Հոլլանտան՝՝ ծաղկած ծառերով ,թուփերով ու ծաղիկներով զարդարած էր Ս. Պետրոս հրապարակը։ Դեղին եւ սպիտակ գոյները կը գերիշխէին այս ՜՜ կախեալ պարտէզին՝՝ մէջ։

Յայտնենք թէ Հոլլանտան 1985-էն ի վեր, ամէն տարի Զատկուայ տօնին առթիւ Ս. Պետրոս հրապարակը կը զարդարէ։ Նոյնպէս հրապարակի վրայ կը զետեղուի ''Աքերոբիդա'' ոչ մարդու ձեռքով գծուած, Գահի վրայ բազմած Փրկիչին սրբանկարը

Եկեղեցին` ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, այսօր կը տօնախմբէ Զատիկը, համայն աշխարհին աւետելով Քրիստոսի փառաւոր Յարութեան Աւետիսը, Անոր Փեսան ու Տէրը, Յաղթողը մեղքի ու մահուան վրայ։ Եկեղեցին կը դիտէ Յարուցեալ Քրիստոսը ու անոր ետեւէն կը քալէ հետեւելով Պետրոսի ու Պօղոսի քայլերուն։ Պետրոս առաքեալը եղաւ Քրիստոսի Յարութեան առաջին վկան, իսկ Պօղոսը, Դամասկոսի ճամբու վրայ կը հանդիպի Քրիստոսին ու անոր լոյսէն շանթահարուած կը մնայ։

Աւելի քան 100 հազար հաւատացեալներ խռնուած էին Վատիկան` Ս. Պետրոս հրապարակը մասնակցելու՝ Զատկական պատարագին եւ առնելու Սրբազան Հօր առաքելական օրհնութիւնը։

Հաւատացեալները արդէն կանուխէն հասած էին Վատիկան։ Պատարագին աւարտին անոնք լսեցին Սրբազան Քահանայապետին զատկական պատգամը։ Սրբազան հայրը 61 լեզուներով աւետեց Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը ։ Իտալացիներուն ուղղած խօսքին մէջ բնականաբար Սրբազան Հայրը ողջունեց Ապրուցոյի երկրաշարժի աղէտեալները քաջալերելով զանոնք որ իրարու զօրակից ըլլան ու միանան միասնաբար կերտելու յոյսով լեցուն նոր ապագայ մը։

Սրբազան Հայրը իր խօսքը սկսաւ մէջբերելով՝ Ս. Օգոստինոսի հետեւեալ խօսքը` Տիրոջ Յարութիւնը մեր յոյսն է։ Արդարեւ Տէրը Յարութիւն առաւ որպէսզի մեզի կեանք պարգեւէ, հետեւաբար ՜՜վերջին խօսքը մահուան չի պատկանիր՝՝, քանի Քրիստոս յաղթեց մահուան։ Իր Յարութեամբ մենք կանչուեցանք մասնակցելու Անոր Յաւիտենական Կեանքին։ Քրիստոսի Յարութիւնը հիմը կը կազմէ մեր հաւատքին։ Պօղոս առաքեալը կ՝ըսէ. եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ առած , ունայն է մեր քարոզութիւնը, ունայն է մեր հաւատքը։

Սրբազան Հայրը ապա ըսաւ. ՜՜թող Քրիստոսի Յարութեան Աւետիսը լուսաւորէ աշխարհի խաւար մասերը, ինչպէս նիւթապաշտութիւնն ու ոչնչապաշտութիւնը՝՝։

Քրիստոս մեր յոյսն է։ Եկեղեցին կ'երգէ Քրիստոսի յաղթութիւնը մահուան վրայ եւ միաժամանակ կ'աւետէ այս ուրախ լուրը բոլոր այն քրիստոնեաներուն որոնք հալածուած ու հարստահարուած են իրենց հաւատքին համար եւ վասն արդարութեան ու խաղաղութեան։ Եկեղեցին իր աղօթքը կը բարձարցնէ Տիրամօր` Աստղ Յոյսի, որպէսզի առաջնորդէ մարդկութիւնը դէպի փրկութեան նաւահանգիստը։



Իսկ այսօր` Երկուշաբթի 13 Ապրիլ 2009, Հրեշտակի երկուշաբթին է, սրբազան Հայրը Ողջ լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը արտասանեց Գասդել-Կոնտոլֆոյի քահանայապետական ամառանոցի պալատէն. Նորին Սրբութիւնը, ողջունեց ներկաները բացագանչելով. ՜՜Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց։ Ալէլուիա՝՝։ Քրիստոսի Յարութեան տօնը թող ըլլայ ձեզի ամէնուդ, լոյս մը, կեանքի, յոյսի եւ խաղաղութեան տօն։ Կեանքի ուղիներու վրայ, երբեմն դրոշմուած տրտմութեամբ , մարդը առանձին չէ, Յարուցեալ Քրիստոսը մեզի հետ կը քալէ։ Մկրտութեան հաւատքով վերանորոգուած, եւ Ս. Կոյս Մարիամի օգնութեամբ, չվախնանք քարոզելու ՜՜Քրիստոսը՝՝ մեր բոլոր եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք Տիրոջ սիրելիները կը մնան, եւ ամէնքս կանչուած ենք երկնային երջանկութեան։ Ձեզի ամէնուդ կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.