2009-04-13 13:26:28

Լուրեր հայ աշխարհէն


Հայազգի բեմադիր Տոն Ասկարեանի Արարատ՝ 14 տեսակ ժապաւէնին' անդրանիկ ցուցադրութիւնը Գերմանիոյ մէջ։

Երեքշաբթի 14 ապրիլ 2009-ին հեռատեսիլի 3 սաթ եւրոպական ալիքով տեղի պիտի ունենայ Արարատ՝ 14 տեսակ ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը։ 2007 թուականին նկարահանուած այս ֆիլմին նիւթը հիմնուած է Իվան Պունինի եւ Ալեքսանտր Տելֆինովի պատմուածքներուն վրայ։ Ժապաւէնի բեմադրիչն է հայազգի Տոն Ասկարեան: Ան այս ժապաւէնը ստեղծած է հինգ տարուան ընթացքին։ Անիկա կը պատմէ գողերու կեանքի մասին, որոնք հազուագիւտ հին մետալէ դրամներ կը գողնան եւ կը յաջողին անցնիլ սահմանը։ Ի Դէպ հայազգի բեմադիր Տոն Ասկարեան ծնած է Հայաստան եւ 1977 թուականին գաղթելով Պերլին՝ 30 տարիներու ընթացքին դարձած է բազմաթիւ ժապաւէններու հեղինակ, որոնց համար պարգեւատրուած է միջազգային փառատօներու ընթացքին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.