2009-04-12 18:09:51

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Զատկական պատգամը եւ առաքելական օրհնութիւնը Հռոմ քաղաքի եւ երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Զատկական պատգամը եւ առաքելական օրհնութիւնը Հռոմ քաղաքի եւ երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն։

Կիրակի` 12 Ապրիլ 2009, Զատկի տօնին, առաւօտեան ժամը 10.15ին Սրբազան հայրը Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ Զատկական պատարագը մատուցեց եւ ապա Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն Զատկական պատգամը եւ առաքելական օրհնութիւնը տուաւ ՝՝Հռոմ քաղաքին ու երկրագունտի բոլոր բնակիչներուն՝՝։

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՜՜Հոլլանտան՝՝ ծաղկած ծառերով ,թուփերով ու ծաղիկներով զարդարած է Ս. Պետրոս հրապարակը։ Դեղին եւ սպիտակ գոյները կը գերիշխեն այս ՜՜կախեալ պարտէզին՝՝ մէջ։ Յայտնենք թէ Հոլլանտան 1985-ն ի վեր, ամէն տարի Զատկուայ պատարագին համար կը զարդարէ հրապարակը։ Նոյնպէս հրապարակի վրայ կը զետեղուի ''Աքերոբիդա'' ոչ մարդու ձեռքով գծուած Գահի վրայ բազմած Փրկիչին սրբանկարը

Եկեղեցին` այսօր կը տօնախմբէ Զատիկը, համայն աշխարհին աւետելով Քրիստոսի Փառաւոր Յարութեան Աւետիսը, Անոր Փեսան ու Տէրը, Յաղթողը մեղքի ու մահուան վրայ։ Եկեղեցին կը դիտէ Յարուցեալ Քրիստոսը ու անոր ետեւէն կը քալէ հետեւելով Պետրոսի ու Պօղոսի քայլերուն։ Պետրոս առաքեալը եղաւ Քրիստոսի Յարութեան առաջին վկան, իսկ Պօղոսը, Դամասկոսի ճամբու վրայ կը հանդիպի Քրիստոսին ու անոր լոյսէն շանթահարուած կը մնայ։

Աւելի քան 100 հազար հաւատացեալներ խռնուած էին վատիկան` ս. Պետրոս հրապարակը մասնակցելու Զատկական պատարագին որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը մատոյց, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուելու առաքելական օրհնութեան։

Հաւատացեալները արդէն կանուխէն հասած էին Վատիկան։ Պատարագին աւարտին անոնք լսեցին Սրբազան Քահանայապետին զատկական պատգամը։ Սրբազան հայրը 61 բարբառով Քրիստոսի ս. յարութիւնը աւետեց։ Իտալացիներու ուղղած խօսքին մէջ բնականաբար Սրբազան Հայրը ողջունեց Ապրուցոյի երկրաշարժի աղետեալները քաջալերելով զանոնք որ իրարու զօրակից ըլլան ու միանան միասնաբար կերտելու յոյսով լեցուն նոր ապագայ մը։

Սրբազան Հայրը իր խօսքը սկսաւ մէջբերելով ս. Օգոստինոսի հետեւեալ խօսքը` Տիրոջ յարութիւնը մեր յոյսն է։ Արդարեւ Տէրը յարութիւն առաւ որպէսզի մեզի պարգեւէ կեանքը։ Ս. Օգոստինոս միշտ յարց կու տար թէ ի՞նչ կայ մահէն ետք, եւ ապա կը հաստատէ թէ վերջին խօսքը մահուան չի պատկանիր, քանի Քրիստոս յաղթեց մահրուան։ Իր յարութեամբ մենք կանչուեցանք մասնակցելու անոր յաւիտենական կեանքին։ Քրիստոսի յարութիւնը հիմը կը կազմէ մեր հաւատքին։ Պօղոս առաքեալը կը բացականչէ. եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ առած , ունայն է մեր քարոզութիւնը, ունայն է մեր հաւատքը։ Ապա Սրբազան Հայրը ըսաւ. թող Քրիստոսի յարութեան աւետիսը լուսաւորէ աշխարհի խաւար մասերը, ինչպէս նիւթապաշտութիւնը, ոչնչապաշտութիւնը։

Քրիստոս մեր յոյսն է։ Եկեղեցին կ'երգէ Քրիստոսւ յաղթութիւնը մահուան վրայ եւ միաժամանակ կ'աւետէ այս ուրախ լուրը բոլոր այն քրիստոնեաներուն որոնք հալածուած ու հարստահարուած են իրենց հաւատքին համար եւ արդարութեան ու խաղաղութեան համար։ Եկեղեցին իր աղօթքը կը բարձարցնէ Տիրամօր` Երկինքի աստղին, որպէսզի առաջնորդէ մարդկութիւնը դէպի փրկութեան նաւահանգիստը










All the contents on this site are copyrighted ©.