2009-04-12 18:11:52

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ժԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի Հայրապետական Պատգամը Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ժԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի Հայրապետական Պատգամը Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ



ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ



Այս պանծալի աւետիսով, լի ուրախութեամբ եւ յոյսի, ձեզմէ ամէն մէկուն կ՝ուղղեմ Սուրբ Յարութեան այս պատգամը, սիրեցեալ Առաջնորդներ, պատուական հովիւներ, առաքինափայլ կուսաններ եւ ի սփիւռս աշխարհի տարածուած բարեպաշտ հաւատացեալներ՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։

Սուրբ Յարութեան յաղթական ձայնը հնչեց՝ մեր եկեղեցիներէն, մեր տուներէն, մեր սրահներէն եւ մեր դպրոցներէն ներս, ինչպէս նաեւ մեր սրտերուն եւ մեր հոգիներուն մէջ, մեզ լուսաւորելով անվախճան լոյսով, երկնքի արքայութեան լոյսով, զատկական ուրախութեան ճառագայթող լոյսով։

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի քաւութեան զոհը եւ Անոր փառաւոր Յարութիւնը, մեղքէ եւ մահէ ազատագրում պարգեւեցին համայն մարդկութեան։ Սակայն այս ազատագրումը կրնայ վայելել միայն այն անձը որ կը հաւատայ թէ՝ Աստուած սէր է եւ թէ Յիսուս Քրիստոս իր միակ Փրկիչն է, եւ ան՝ որ կ'ապրի Ս. Աւետարանին համաձայն։

Արդարեւ Յիսուս ըսաւ. ՜՜Եթէ դուք մնաք իմ խօսքիս մէջ, իսկապէս իմ աշակերտներս կ'ըլլաք եւ պիտի ճանչնաք ճշմարտութիւնը եւ ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ՝՝։ Այս ճշմարտութիւնը, Յարուցեալ Քրիստոսն է, որ Իր մահով խորտակեց մահը եւ ըսաւ. ՜՜Ես եմ ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք՝՝։ Ան մեզ կը հրաւիրէ իրեն հետեւելու՝ իր հիմնած Եկեղեցիին ցուցմունքներուն համեմատ։ Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան, Յարութեան սուրբ տօնին քարոզին մէջ կ'ըսէ. ՜՜Թո՛ղ ոչ ոք վախնայ մահէն, որովհետեւ մեր Փրկչին մահը մեզ ազատագրեց մահէն՝՝։

Ուստի, Սուրբ Եկեղեցւոյ հետ փառաբանե՛նք Յիսուսին յաղթանակը՝ մահուան վրայ եւ ուրախութեամբ ցնծա՛նք, որովհետեւ Յիսուս մեր փրկագինը վճարեց իր մահով։ Պարտինք նաեւ մեզի պարգեւած ուրախութեան բաժնեկից դարձնել անոնք՝ որոնք տակաւին մեղքին ստրուկ մնացած են, զիրենք բերելով Քրիստոսի ազատութեան ։

Սիրելիներ, ճիգ պէտք է թափենք կառչելու համար ազատութեան կատարեալ Օրէնքին, որ է Սուրբ Աւետարանը, որովհետեւ շատ դիւրին է խաբուիլ եւ կամաց կամաց աշխարհի հոգիին հետեւիլ, ինչպէս շատեր կ'ընեն։ Պարտինք նաեւ Ս. Աւետարանի ազատութեան շնորհքը մեր ամենօրեայ ապրելակերպով փոխանցել մեր մօտիկ եւ հեռաւոր ծանօթներուն։ Եթէ մեր սրտին մէջ պահենք ազատութեան Օրէնքը եւ անով ապրինք, առանց ամօթի պիտի ներկայանանք օր մը Արդար Դատաւորին առջեւ։

Մեր շուրջը կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն թէ իսկական ազատութիւնը կը կայանայ շատ դրամ դիզելով, կամ իշխանութեան հասնելով եւ կամ հասարակ օրէնքները զանց առնելով։ Առանց անդրադառնալու, այսպիսիներ, գերի կը դառնան աշխարհի կուռքերուն՝ դրամի, հանգամաւոր դիրքի եւ մեծ համբաւի, եւ հետզհետէ աւելի ենթակայ կ'ըլլան իրենց եսասիրութեան, իրենց կիրքերուն եւ զանազան ուրիշ մոլութիւններու։ Իբր հետեւանք՝ փոխանակ ազատութիւնը վայելելու՝ ուղեկորոյս ու դժբախտ կը մնան։

Երանի անոնց, որոնք կը հետեւին Ս. Աւետարանին եւ բարի օրինակ կ'առնեն Սուրբերու կեանքէն, որովհետեւ ասոնք պիտի ճանչնան իսկական ազատութիւնը եւ պիտի աշխատին իրենց հոգին ու միտքը ձերբազատելու՝ փորձութեան խաբուսիկ վայելքներէն։

Երանի անոնց որոնք, օգտուելով Ս. Յարութեամբ վերագտած ազատութենէն, կը գործեն առանց դադարի հաւատարիմ մնալու քրիստոնեայ հաւատքին, հակառակ բոլոր խոչընդոտներու եւ աշխարհի հրապոյրներուն, ինչպէս ըրին՝ մեր բիւրաւոր նահատակները։

Երանի անոնց որոնք կը գործեն իրենց յաւիտենականութեան համար, յարուցեալ Յիսուսին հետ միանալու նպատակով։

Երբ Յիսուս, Փաթմոս կղզիին մէջ կ'երեւի Յովհաննէս Աւետարանիչին, իրեն կ'ըսէ. ՜՜Մի՛ վախնար, ես եմ Առաջինը եւ Վերջինը։ Այս ըսելով, Յիսուս կ'ուզէ մեզի ըսել՝ մի՛ վախնաք չարէն, իմ յարութեամբս բարին յաղթեց չարին, որովհետեւ բարին չարէն աւելի զօրաւոր է՝՝։ Արդարեւ, կեանքը եւ մահը իրարու դէմ ճակատեցան Գողգոթայի վրայ սոսկալի մենամարտութեամբ, եւ կեանքը յաղթանակ ելաւ։ Յիսուսի ՜՜Մի՛ վախնար՝՝ բառերը կը կրկնէ այսօր մեզմէ ամէն մէկուն, մեզի՝ (այսօրուայ իր աշակերտներուն), բայց մանաւանդ ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս տառապողներուն, որովհետեւ Յաղթական Յիսուսը մեզի հետ է։

Սուրբ Պօղոս կ'ըսէ. ՜՜Եթէ քու բերնովդ Յիսուս Տէր խոստովանիս եւ եթէ քու սրտովդ հաւատաս թէ Աստուած զինք Յարոյց մեռելներէն, պիտի փրկուիս՝՝ ։ Այս խօսքէն մեկնելով, Ս. Օգոստինոս կ'եզրակացնէ հետեւեալ ճշմարտութիւնը՝ ՜՜Քրիստոնեաներուն հաւատքը Քրիստոսի Յարութիւնն է՝՝։ Ուրեմն, քրիստոնեայ չի սեպուիր ան որ չի հաւատար Յիսուսի Յարութեան։ Բոլոր մարդիկ կ'ընդունին թէ Յիսուս մեռաւ՝ (հեթանոսներն անգամ կ'ընդունին զայն), բայց միմիայն քրիստոնեաները կը հաւատան թէ Յիսուս Յարութիւն առաւ։ Այս է ճշմարտութիւնը որ ոյժ եւ քաջութիւն կու տայ բոլոր քրիստոնեաներուն, որպէսզի հաւատարիմ մնան իրենց սկզբունքներուն եւ չհետեւին աշխարհի հրապոյրներուն կամ գէշ օրինակներուն։ Քրիստոսի Յարութիւնն է որ ոյժ եւ քաջութիւն կը ներշնչէ երիտասարդ, երիտասարդուհիներուն՝ իրենց կեանքը Յիսուսի նուիրելու։ Քրիստոսի Յարութիւնն է որ կը մղէ նուիրեալ հոգիները, բայց նաեւ աշխարհականները, պայքարելու չարին դէմ եւ սփոփելու կարիքաւորներու եւ տառապեալներու ցաւերը՝ իրենց յոյս եւ ուրախութիւն սփռելով։ Քրիստոսի Յարութիւնն է որ հերոսական ոյժ պարգեւեց բիւրաւոր նահատակներուն, որոնք մինչեւ իրենց կեանքին վերջին շունչը հաւատարիմ մնացին իրենց հաւատքին։ Ս. Պօղոս Առաքեալը Աթենացիներուն կ'ըսէ թէ ՜՜Աստուած բոլոր մարդոց ապահով փաստ մը տուաւ Յիսուսի մասին՝ անոր Յարութիւն տալով՝՝։ Քրիստոնեաները պարտին իրենց շրջանակին մէջ վկայել խօսքով, բայց մանաւանդ իրենց ապրելակերպով, թէ Քրիստոս իսկապէս Յարութիւն առաւ, որովհետեւ այս է եկեղեցւոյ հիմնական հաւատքը։ Ուստի, ամէն տեղ՝ տան մէջ, գործին մէջ կամ ընկերներուն մօտ, ուր որ Տէրը մեզ ղրկէ, պարտինք ըլլալ Յարուցեալ Քրիստոսի վկաները, պարտինք լուսաւորել մեր շրջանակը Ս. Յարութեան յուսադրիչ պատգամով։ Այս ըմբռնումը պէտք է դառնայ մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնը՝ մեր համայնքէն ներս, մեր ժողովրդապետութենէն ներս, ամէն տեղ, մանաւանդ ուր կան տակաւին բազմաթիւ խաբուած մարդիկ, ուր կան նաեւ ատելութիւն, անարդարութիւն, ստախօսութիւն եւ մոլութիւն, որպէսզի գիտնան թէ Յիսուս Իր Յարութեամբ պատասխան բերաւ իրենց հարցերուն եւ ցաւերուն։

Սիրելիներ, պայքարի՛նք չարին դէմ Յարուցեալ Քրիստոսէ ընդունած շնորհքներով։ Անոնց ոյժը վերանորոգե՛նք ամէն օր Աղօթքով եւ Սուրբ Խորհուրդներով։ Հետեւի՛նք Ս. Պօղոսի յորդորին, որ կ'ըսէ. ՜՜Քրիստոս մեզ ազատագրեց, որպէսզի ազատ մնանք՝՝։ Հաստատ կեցէ՛ք ազատութեան մէջ, որով Քրիստոս մեզ ազատագրեց, եւ ստրկութեան լուծին մի՛ ենթարկուիք։ Վերյիշե՛նք ինչ որ Յիսուս պատուիրեց իր աշակերտներուն, երբ անոնց երեւցաւ իր Յարութենէն ետք. ՜՜Գացէ՛ք ուրեմն, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը, սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ինչ որ ես պատուիրեցի ձեզի եւ ես ահաւասիկ ձեզի հետ եմ ամէն օր մինչեւ աշխարհի կատարածը՝՝։

Լիայոյս սրտով իմ հայրական բարեմաղթութիւններս կը յայտնեմ ձեզի՝ սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, Յիսուս Քրիստոսի փառապանծ եւ լուսաւոր Յարութեան տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ համայնքի բոլոր զաւակներուն ի սփիւռս աշխարհի, մանաւանդ Մայր Հայրենիքին մէջ։

Թող աշխարհի Փրկիչը, որ Յաղթական դուրս ելաւ գերեզմանէն, պարգեւէ ձեզի շնորհքի ոյժ, անսահման ուրախութիւն եւ հաստատ խաղաղութիւն. Ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ








All the contents on this site are copyrighted ©.