2009-04-11 11:19:07

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ


 11 Ապրիլ 2009 Աւագ Շաբաթ։

Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Շաբաթ 11 Ապրիլի' ժամը 21.00ին սկիզբ կ' առնէ Զատկական Հսկումը որ կը բովանդակէ ''Երեկոյան Ժամերգութեան,Մկրտութեան եւ Սուրբ Հաղորդութեան Ծիսակատարութիւնները''։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այս առթիւ Մկրտութեան խորհուրդը կը շնորհէ հինգ չափահասներու ''երեքը իտալացի, մէկը չինացի եւ հինգերորդը ամերկացի''։



Կիրակի 12 Ապրիլ 2009 Սուրբ ԶԱՏԻԿ է ։

Զատկի կիրակի օրը առաւօտեան' ժամը 10.15ին Սրբազան հայրը Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ Զատկական պատարագը պիտի մատուցէ եւ ապա ''Սուրբ Պետրոս'' Տաճարի կեդրոնական պատշգամէն Զատկական պատգամը եւ առաքելական օրհնութիւնը պիտի տայ ՝՝Հռոմ քաղաքին ու Համայն Աշխարհին՝՝։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ` Ի նշան` երկրաշարժի աղէտեալներու զօրակցութեան, օրհնուած միւռոնի մէկ մասը ուղարկուած է Ապրուցօ մարզը ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կողմէ օրհնուած Իւղին մէկ մասը սահմանուեցաւ Ապրուցօ մարզին, ի նշան զօրակցութեան՝ երկրաշարժի աղէտեալներու։ Աւագ Հինգշաբթի օրուայ մատուցած պատարագին աւարտին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ըսաւ. ՜՜Կը բաղձամ Միւռոն ուղարկել Ապրուցօ մարզի եկեղեցւոյ, ի նշան զօրակցութեան ու հոգեւոր մօտիկութեան՝՝։ Ապրուցօ մարզի գրեթէ բոլոր եկեղեցիները վնասուած են եւ աւելի քան 300 հոգի մեռած է։



Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքի ցաւակցութիւնները Ապրուցօ մարզի երկրաշարժի աղէտեալներուն ի լուր։

Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ՝ Կիւրեղ Պատրիարքը, ցաւակցական հեռագիր մը ուղղած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Ապրուցոյի երկրաշարժին ի լուր։ Իր պատգամին մէջ Մոսկուայի պարտրիարքը իր աղօթքը կը բարձրացնէ Ամենակալին որպէսզի իր Արքայութեան մէջ ընդունի զոհերը եւ սփոփէ վիրաւորներն ու բոլոր տուժածները։

Պատրիարքը նաեւ կը բաժնէ ցաւը աղէտեալ բոլոր ընտանիքներուն ու անոնց կը յայտնէ իր հարազատ զօրակցութիւնը։



Պենետիկտոս ԺԶ Յորդանանի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ թագաւորի խորհրդատու` իշխան Ղազի Պին Թալալին հետ։

Յորդանան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Մայիս 8-15, Նորին Սրբութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ թագաւորի խորհրդատու` իշխան Ղազի Պին Թալալին հետ, որ նախաձեռնողը եղաւ նամակ մը ուղարկելու խումբ մը մահմետական կրօնապետերու հետ, այսպէս ըսաւ Յորդանանի զբօսաշրջութեան նախարարը յայտնելով որ թագաւորին խորհրդատուն, Յորդանանին մէջ, պիտի ընկերանայ Հռոմի Պապին ՜՜Քրիստոսի մկրտութեան՝՝ վայրը։ Զբօսաշրջութեան նախարարի գնահատումով ամէն տարի աւելի քան 230 հազար ուխտաւորներ կ'այցելեն այդ վայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.