2009-04-10 14:13:54

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Ուրբաթ 10 Ապրիլ 2009 Աւագ Ուրբաթ է նուիրուած Աստուածային վարդապետի Չարչարանքներու յիշատակութեան։ Յետ միջօրէին՝ ժամը 17.00ին, Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը գլխաւորէ Տիրոջ Չարչարանաց Արարողութիւնը։

Սրբազան Հայրը ժամը 21.15ին ՃԱՆԱՊԱՐՀ ԽԱՉԻ բարեպաշտական աղօթքի արարողութիւնը պիտի կատարէ Հռոմի Գոլլօսէում կոչուած երկհազարամեայ ամփիթատրոնին մէջ։ Յաւարտ արարողութեան Պենետիկտոս ԺԶ իր խօսքը պիտի ուղղէ հոն համախմբուած բազմահազար հաւատացեալներուն, եւ ապա անոնց պիտի ջամբէ իր Առաքելական Օրհնութիւնը։

Յայտնենք թէ ՜՜Խաչի ճանապարհ՝՝ը՝ որ այսպէս կը կոչուի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծիսակարգի աւանդութեան մէջ, բացառիկ կարեւորութիւն ունեցող այն բարեպաշտական արարողութիւնը, տեղի կ'ունենայ ամէն տարի, Աւագ Ուրբաթ օրը, աշխարհի բոլոր կաթողիկէ եկեղեցիներու մէջ։ 14 կայաններէ բաղկացած այս ծէսը խաչափայտի մը ձեռամբարձ ընկերակցութեամբ եւ աւետարանական 14 ընթերցումներու միջոցով կը վերակենդանացնէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կեանքին վերջին պահերը` Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ իր անձկութեան պահէն մինչեւ դատապարտումը, ձաղկումը, խաչի չարչարանքը եւ իր մահուան ու թաղման պահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.