2009-04-09 13:00:32

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Երկրաշարժը կը շարունակէ վախ սփռել կեդրոնական Իտալիոյ Ապրուցցօ Մարզին մէջ,իր անվերջ յետցնցումներով եւ ուր զոհերու թիւը բարձրացաւ 278ի՝որոնցմէ 16ը փոքրեր ,իսկ 28հազար հոգի անտուն մնացած են։ Այսօր երկրաշարժի մարզը այցելեց Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահը Ճորճօ Նափոլիթանօ։ Վաղը Իտալիոյ ժամով՝ժամը 11.00ին տեղի պիտի ունենայ զոհերու Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը որ պիտի գլխաւորէ Աքուիլայի Արքեպիսկոպոսը Գերապայծառ Ճուզէփփէ Մոլինարի Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պէրթոնէյի հետ միասին ու նաեւ ներկայութեամբը Սրբազան Քահանայապետի անձնական քարտուղար Հայր Կէօրկ Կաէնսվայն-ի ։Վաղը Իտալիոյ մէջ Ազգային Սուգի Օր ։ Պէնէտիկտոս 16.երորդ Սրբազան Հայրը իր կարգին պիտի այցելէ աղէտի շրջանը,մեծ հաւանակութեամբ գալ շաբաթ։

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ Կ'ԸՆԴՈՒՆԻ ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ԴԵՍՊԱՆԸ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ Հունգարիոյ նոր նշանակուած դեսպան Կապոր Շակին (նստավայրը՝ Թիֆլիս)՝ հաւատարմագիրներու պատճէնի յանձնման առիթով։Ողջունելով հիւրը՝ Է. Նալբանդեան նշած է, որ Հայաստան շահագրգիռ է հայ-հունգարական յարաբերութիւններու զարգացումով եւ յոյս յայտնած է, որ դեսպանին նշանակումը երկու երկիրներու փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան խորացման ու ընդլայնման նպաստէ։ Դեսպանը իր կարգին ընդգծած է, որ Հունգարիա նպատակադրած է երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերուն մէջ ամրապնդելու Հայաստանի հետ փոխադարձ գործակցութիւնը եւ նշած է, որ լուրջ ներուժ գոյութիւն ունի առեւտրա-տնտեսական եւ մշակութային կապերու զարգացման համար։



ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՄԷԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՐՑԸ։ Ազրպէյճանի խորհրդարանի տնտեսական քաղաքականութեան յանձնախումբը երէկ քննարկեց Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման վերաբերող տեղեկութիւնները։ Ազրպէյճանական ՝՝ԱՓԱ՝՝ լրատու

գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ յանձնախումբի նախագահ Զիատ Սամտզատէ եւ յանձնախումբի անդամները շեշտած են, թէ Թուրքիա սխալ պիտի գործէ, եթէ սահմանը բանայ։ Անոնք Ազրպէյճանի խորհրդարանին կոչ ուղղած են այս հարցը քննարկելով յատուկ յայտարարութիւն մը հրապարակելու։



Հրանոյշ Յակոբեան Կը Շարունակէ Իր Այցը Ֆրանսա (ՓԱՐԻԶ)։ Ապրիլ 2էն սկսեալ, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Ֆրանսա։ Այցելութեան առաջին օրը, Փարիզի մէջ, նախարարը Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Համլէտ Գասպարեանի եւ հիւպատոսական բաժնի վարիչ Վահէ Վահրամեանի ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարներու ուղեկցութեամբ, ծաղկեպսակ դրաւ Կոմիտասի Յուշարձանին առջեւ, այցելեց Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճարը եւ հանդիպեցաւ համայնքի ղեկավարներուն հետ։ Նախարարը նաեւ հանդիպում ունեցած է Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ եւ անդամ Ֆրանսուա Ռոշպլուանի եւ Սերժ Լակոշի հետ։Նախարարը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ ՝՝Յառաջ՝՝թերթի խմբագրութեան հետ, ուղղուելով ապա ՝Առնովիլ եւ Ռենսի քաղաքները, ուր բնակութիւն հաստատած են մեծ թիւով հայեր եւ ունին քաղաքապետարաններու մէջ ընտրուած հայ խորհրդականներ ։Ապրիլ 4-6, սփիւռքի նախարարը Յակոբեան այցելած է Մարսէյ։ Հոն նաեւ կայացած են բազմաթիւ հանդիպումներ, գործող գրեթէ բոլոր հայկական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ քաղաքի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ։ Այցելութիւնը շարունակուած է Սրբոց Թարգմանչաց Մայր Տաճարին մէջ, ուր նախարարը ներկայ գտնուեցաւ Ծաղկազարդի Տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագին, իսկ Եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ կայացած հանրային հանդիպման ընթացքին, նախարարը պատասխանեց Մարսէյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հարցումներուն։ Իսկ Ապրիլ 6-ին կայացաւ նախարարի հանդիպումը Մարսէյի 13-14 թաղամասերու քաղաքապետ Կարօ Յովսէփեանի հետ։ Ապրիլ 7ին նախարարութեան պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Լիոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.