2009-04-08 12:32:47

Ցաւակցական գիր Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին


Ապրիլ 6-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ցաւակցական գիր մը յղած է Հռոմի Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ ին` Կենտրոնական Իտալիա տեղի ունեցած սոսկալի երկրաշարժէն զոհուածներուն համար։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն, կը գրէ Վեհափառը, մեր սրտակցութիւնն ու աջակցութիւնը կը բերենք Ձեզ այս դժուարին պահին` հայցելով Տիրոջ զօրակցութիւնը բոլոր տուժածներուն` շուտափույթ յաղթահարելու փորձութիւններն ու դժուարութիւնները, ինչպես նաև Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւնը զոհուածներու հարազատներուն ։

Վեհափառ Հայրապետը աղօթքով կը հայցէ Աստուծոյ օգնականութիւնը Իտալիոյ ժողովուրդին,և ոյժ ու կարողութիւն կը մաղթէ Սրբազան Քահանայապետին։








All the contents on this site are copyrighted ©.