2009-04-07 13:40:35

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը հրաւիրէ

երիտասարդները հպարտանալու Խաչով՝ քանի՝ Խաչը Սիրոյ Գերագոյն Խորհրդանիշն է՝՝


Երկուշաբթի օրը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց հազարաւոր սպանացի երիտասարդներ, որոնք Հռոմ եկած են աւստրալիացի իրենց եղբայրակիցներէն ընդունելու երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան խաչը, ի տես 16-21 Օգոստոս 2011ի Մատրիտ կատարուելիք միջազգային համահաւաքին։

Անոնց ուղղած խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը ըսաւ թէ երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը կը ցոլացնեն Եկեղեցւոյ ուժականութիւնը ու անոր յաւիտենական երիտասարդութիւնը։

Ապա Նորին Սրբութիւնը սպանացի երիտասարդներուն ըսաւ. Խաչը ձեզ միշտ աւելի պատուական կը դարձնէ եւ բնաւ պէտք չէ ամչնալ այս նշանէն, որ կը խորհրդանշէ Գերագոյն Սէրը։ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ որ ՜՜այսօրուան երիտասարդները կարիքը ունին ճանչնալու՝ նոր կեանքը որ Աստուծմէ կը բխի ու ճշմարտութենէն յագենալու՝ որուն աղբիւրը նոյնինքն Քրիստոսն է։ Ան նաեւ ընդգծեց թէ երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն պտուղն է Խաչեցեալ եւ Յարուցեալ Քրիստոսի հետ վերանորոգումի եւ հզօրացումի փորձառութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներէն խնդրեց ըսելով՝՝ զարգացուցէք այն փորձառութիւնները որոնք ձեզ կը զգացնեն անդամներ՝ Եկեղեցւոյ՝՝ եւ հրաւիրեց զանոնք համապատասխանելու Քրիստոսի սիրոյն, իրենց կեանքը սիրով նուիրելով Քրիստոսին։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.