2009-04-07 12:55:22

Ակնարկ մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։



ԻՏԱԼԻՈՅ ԱՊՐՈՒՑՑՕ ՄԱՐԶԸ ՔԱՐ ՈՒ ՔԱՆԴ ԸՆՈՂ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԸ 180 ԶՈՀԵՐ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ։Առնուազն 180 հոգի մահացած է, վիրաւորեալներու թիւը 1.500 ,եւ 70հազար աղէտեալներ վերջին հաշուէկշիռը ահաւոր երկրաշարժին որ հարուածեծ կեդրոնական Իտալիոյ Ապրուցցօ Մարզի Աքուլիա քաղաքը ու շրջակայքի գիւղերը։

6,3 Ռիխթըր-ի ուժգնութեամբ երկրաշարժը ,5 Ապրիլի առաւօտեան ժամը' 3.32ին Հռոմէն 95 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք գտնուող միջնադարեան Աքուիլա քաղաքը զօրաւոր հարուածեց,երկրաշարժը ուժգին զգալի եղաւ նաեւ Հռոմի մէջ։ Շուրջ 10 հազար քանդուած շէնքերուն շարքին են համալսարանի հանրակացարան մը, եկեղեցիներ եւ զանգակատուն մը։ Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի արտակարգ դրութիւն յայտարարեց, եւ ջնջեց Մոսկուա կատարելիք իր այցելութիւնը,երթալով անմիջապէս աղէտեալ շրջանը։ Աքուիլա պատմական քաղաքը ,լեռնային Ապրուցցօ շրջանին մայրաքաղաքն է եւ բազմաթիւ հին պատմական շէնքեր ունի, որոնք երկրաշարժի տոկալու համար չեն կառուցուած։ Բայց եւ այնպէս, քաղաքին մերձակայքը գտնուող արդի կառոյցներ եւս քանդուած են։



ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԵՒ ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ՄԻՋԵՒ։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ։ Հաղորդակցութեան ընթացքին Մետվետեւ Սերժ Սարգսեանը տեղեակ պահած է 20-ի խմբակի Լոնտոնի վեհաժողովին ընթացքին քննարկուած խնդիրներու եւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն մասին՝ համաշխարհային տնտեսական տագնապի յաղթահարման նպատակով։ Քննարկուած են հայ-ռուսական երկկողմանի քաղաքական յարաբերութիւններուն եւ տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր։ Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է երկու ղեկավարներու յառաջիկայ հանդիպման վերաբերեալ։

ՖԱՍԻԷ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Կ'ՈՒՆԵՆԱՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ։

Հայաստանի հանրային ռատիոն կը տեղեկացնէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ, որ 4 ապրիլին Հայաստան ժամանած էր եւ հանդիպած արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին, հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերող հարցեր։ Ֆասիէ Երեւանէն Պաքու մեկնած է ։



ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ։

Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի համանախագահ Մարի Անն Իզլեր Պեկենի, երէկ Երեւան այցելած է, Եւրոպական Միութիւն - Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի 10-րդ նիստին մասնակցելու նպատակով։ Այսօր պատուիրակութիւնը կը հանդիպի հասարակական կազմակերպութիւններու ու լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն եւ Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի Գրասենեակի ղեկավար Սերկէյ Քափինոսի հետ,ապա տեղի կ՝ունենայ Եւրոպական Միութիւն - Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան Յանձնախումբի 10-րդ նիստը, որ նաեւ պիտի շարունակուի 8 ապրիլին։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան պիտի հանդիպի յանձնախումբի համանախագահներ Աւետ Ադոնցի եւ Մարի Անն Իզլեր Պեկենի հետ։

ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԵՆԷ ԵՏՔ ՆԱԼԲԱԴԵԱՆ ՄԵԿՆԱԾ ՊՈԼԻՍ։

Երկուշաբթի 6 ապրիլ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամլոյ բաժնի պատասխանատու Տիգրան Բալայան հաստատած է թրքական աղբիւրներու լուրը,ըսելով որ նախարար Նալբանդեան Պոլիս կը գտնուի ըստ նախապէս ծրագրուած Ժամանակացոյցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.