2009-04-07 13:06:40

2009 Քրիստոնեայ Հայ Երիտասարդի Տարի-ն։


2009 Քրիստոնեայ Հայ Երիտասարդի Տարի-ն։

Հայ Երիտասարդը 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց։ Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Երիտասարդը փոխադարձ յարաբերութեան ճշգրիտ հունաւորման մէջ։

Վերջերս Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու համագումար մը։ 12 նիստերով եւ յատկապէս խմբային աշխատանքներով, լայնօրէն քննուեցան դասախօսական ելոյթներով փոխանցուած մտածումները, եւ հայ երիտասարդութեան կեանքը յուզող զանազան խնդիրները իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով: Իրերայաջորդ զեկուցումներ տրուեցան, զանազան երկիրներէ եկած ներկայացուցիչներուն կողմէ, իրենց ապրած երկիրներու պայմաններուն մէջ ապրող հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, մտահոգութիւններուն, ինչու չէ նաեւ յաջողութիւններուն մասին:  Քննարկումներէն ի յայտ եկաւ, որ տարբեր երկիրներու պայմաններուն մէջ ապրող հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները այլազան են, եւ դժուարութիւնները յաճախ տարբեր տարողութիւն եւ ուժգնութիւն ունին: Համաշխարհայնացման հոսանքին դիմաց ինքնապաշտպանութեան իբրեւ զօրաւոր վահան շեշտուեցաւ՝ կրօնական ու ազգային դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, ազգերու ու ժողովուրդներու յորձանուտին մէջ մնալու համար ՝՝լա՜ւ հայ ու լա՜ւ քրիստոնեայ երիտասարդութիւն հաւատարիմ' իր եկեղեցւոյ սկզբունքներուն, իր պատմութեան, ու ազգային տեսիլքներուն՝՝:

Նիստերուն հետեւեալ առաջադրանքներ բանաձեւեցան։

Հայ Եկեղեցին ողնասիւնն է յատկապէս Սփիւռքի Հայութեան: Անոր առաքելութեան կենսագործման ու առաւել ծաղկման համար պատրաստուած մարդուժ պէտք է, քահանաներ եւ անոնց կողքին գործող նուիրեալ օժանդակ ծառայողներ, որպէսզի քրիստոնէական հաւատքը եւ եկեղեցւոյ ծառայութիւնը ազդու կերպով մտնէ ամէն տունէ ներս:

Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը ներկայ դարու պայմաններուն համապատասխան ձեւով ու տարողութեամբ կազմակերպել, բոլոր թեմերէն ներս: Հայ Եկեղեցւոյ շուրջ երիտասարդական խմբակներ կազմել, Աստուածաշնչական ճշմարտութիւններու ուսումնասիրութեան եւ կեանքով թարգմանումին համար, որ մեծապէս կը նպաստէ' Հայ Եկեղեցւոյ վերանորոգումին:

Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն կատարած դերը անուրանալի է, հայ մանուկին քրիստոնէական ու հայեցի կրթութեան իմաստով:

Հայ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցներուն մէջ ներգրաւել երիտասարդութիւնը, ըլլան անոնք թաղականական խորհուրդներ, հոգաբարձական կազմեր, եկեղեցապատկան միութիւններ, եւ մինչեւ իսկ Ազգային կամ թեմական վարչութեան մարմիններ:

Արդի արհեստագիտութիւնը (համակարգիչ, համացանց եւ այլն) առաւելագոյնս օգտագործել, հայ երիտասարդութիւնը մնայուն կապի մէջ պահելու համար իրարու հետ:

Համաշխարհայնացման դրական կողմերը օգտագործել. Սակայն, զգուշանալ ձուլումի վտանգէն, յատկապէս սփիւռքեան պայմաններուն մէջ:

Այս հաւատքով ու մօտեցումով, ժողովական երիտասարդները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն աջակցելու Եկեղեցւոյ, իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ մասնակից դառնալու՝ անոր առաքելութեան, իրենց վստահուած բոլոր ծառայութիւններուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.