2009-04-06 12:56:53

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կ՝ընդունի Մատրիտի թեմի երիտասարդները,


Երկուշաբթի 6 Ապրիլ 2009-ին առաւօտեան, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, Պօղոս Զ. անուան սրահին մէջ ընդունեց Մատրիտի թեմի երիտասարդները, որոնք Հռոմ կը գտնուին Աուստրալիոյ երիտասարդներէն ընդունելու 2011ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան խաչափայտը։

Մատրիտի երիտասարդներու հաւաքին բնաբանն է. արմատացած եւ հաստատուած ՚Քրիստոսի վրայ եւ հիմնուած հաւատքի վրայ։ Այս բնաբանը առնուած է Պօղոս առաքեալի կողոսացիներուն ուղղած թուղթէն։

Կիրակի օրը, Ծաղկազարդի պատարագէն անմիջապէս ետք Նորին Սրբութիւնը Հրեշտակ Տեառն մարմեան աղօթքը արտասանեց։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ըսաւ. ՜՜Աւագ Շաբաթը միզի առիթ կ՛ընծայէ խորհրդածելու չարչարուած Քրիստոսի վրայ։ Յիսուսի ետեւէն քալենք ազատագրուելու ստրկութենէն, անձկութենէն ու մահէն, որպէսզի Ան մեզ առաջնորդէ դէպի ազատութիւն, ուրախութիւն եւ կեանք։ Ձեր շրջապատէն ներս եղէք յոյսի նշաններ, խթանեցէք ձեր բարեկամները Յիսուսի ետեւէն քալելու։ Թող Տէրը ձեզի ընկերանայ այս Սուրբ Շաբաթուան ընթացքին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.