2009-04-06 12:57:06

Անգլիոյ թագաժառանգ Շարլ իշխանը ապրիլ 27ին այցելութիւն պիտի կատարէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին


Անգլիոյ թագաժառանգ Շարլ իշխանը եւ անոր կողակիցը ապրիլ 27ին այցելութիւն պիտի կատարեն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, ինչպէս նաեւ տեսակցութիւն պիտի ունենան Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէին հետ։ Անոնք մասնաւորապէս պիտի խօսին բնութեան պաշտպանութեան ու միջկրօնական երկխօսութեան նիւթերու մասին։ Նոյն օրը թագաւորական ամոլը հանդիպում պիտի ունենայ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ Ճորճօ Նափօլիթանոյին հետ։ Յայտնենք թէ 19 փետրուար-ին Սրբազան Քահայանապետը Վատիկանի մէջ ընդունած էր, Անգլիոյ վարչապետ Կորտոն Պրաունը, որ պաշտօնապէս հրաւիրած էր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելելու՝ Անգլիա, կարտինալ Ճոն Նիւմանի երանացման առթիւ։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.