2009-04-06 12:39:06

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

Երէկ գիշեր իտալիոյ ժամով ժամը՝3.32ին կեդրոնական Իտալիոյ Ապրուցցօ Մարզի Աքուլիա քաղաքը տեղի ունեցած երկրաշարժը Ռիխթէրի աստիճանաչափի վրայ՝6,7 ուժգնութեամբ զգալի եղաւ նաեւ Հռոմ,որ շուրջ 90քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի երկրաշարժի կեդրոնատեղիէն. Զոհերու հաշուէկշիռը այժմ 27 մեռեալներ եւ 30 կորսուածներ,աւելի քան տասըհազար շէնքեր մեծ վնասներ կրած են։ Սրբազան Քահանայապետը Պէնէտիկտոս 16.երորդ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Աքուիլայի Արքեպիսկոպոսին Ճուսէփփէ Մոլինարի-ի,երաշխաւորելով իր աղօթքը բոլոր զոհերուն համար,մասնաւորապէս զոհուած մանուկներուն համար,խնդրելով Աստուածմէ որ մխիթարէ զոհերու ընտանեկան պարագաները,միաժամանակ իր քաջալերական խօսքը ուղղելով տեղական իշխանութեանց որպէսզի անհրաժեշտ բոլոր օգնութիւնները հասցնեն աղէտեալներուն։

ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԱԾ Է ՊՈԼԻՍ ՄԵԿՆԵԼԷ։ ՝՝Երկիր Մետիա՝՝ կը հաղորդէ, որ երէկ երեկոյեան, Երեւան - Պոլիս թռիչքով Նալբանդեան չէ մեկնած Պոլիս։ Միաժամանակ, նախարարը բացատրութիւն տուած է ՝՝Ինթըրֆաքս՝՝ լրատու գործակալութեան շեշտելով որ Հայ-Թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է ըլլայ առանց նախապայմաններու, եւ այդ փոխըմբռնումով մենք վարած ենք եւ կը վարենք բանակցութիւնները թրքական կողմին հետ։ Յարաբերութիւններու կարգաւորումը առնչուած չէ Ղարաբաղեան տագնապի լուծման հետ եւ հայ-թրքական յարաբերութեան կարգաւորման ուղղուած բանակցութեանց ընթացքին այդ հարցը երբեք քննարկման առարկայ չէ եղած։ Բազմիցս ըսուած է, եւ պիտի ուզէի դարձեալ ընդգծել, որ ՝՝հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորումը չի կրնար հարցականի տակ դնել Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը., այսօր տասնեակ մը երկիրներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Հայաստան ողջունած է այդ ճանաչումը՝՝(ըսած է Նալբանդեան)։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ստորագրած հրամանագիրներուն համաձայն, Մանուկ Վարդանեան ազատ կացուցուած է Հայաստանի կառավարութեան առընթեր անշարժ գոյքի արձանագրութեան պետական կոմիտէի նախագահի պաշտօնէն եւ նշանակուած է Հայաստանի նախագահի խորհրդական։ Միւս կողմէ՝ Երուանդ Զախարեան ազատ կացուցուած է Հայաստանի նախագահի խորհրդականի պաշտօնէն եւ նշանակուած է Հայաստանի կառավարութեան առընթեր անշարժ գոյքի արձանագրութեան պետական կոմիտէի նախագահ։ Հուսկ Եուրի Վարդանեան իր կարգին նշանակուած է Հայաստանի նախագահի խորհրդական։

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖԱՍԻԷՆ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան անցեալ շաբաթ օր ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէն։Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման գործընթացին առնչուող հարցեր։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ երեկոյեան Թուրքիա ժամանեց։ Ան հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ։ Նախքան 7 ապրիլին մեկնիլը, ան Պոլսոյ մէջ ներկայ պիտի գտնուի Քաղաքակրթութեանց Դաշինքի ժողովին եւ ուսանողներու հետ կլոր սեղանի վիճարկումի մը պիտի մասնակցի։ Ան այսօր Անգարայի մէջ 45 վայրկեան տեւողութեամբ ճառ մը պիտի արտասանէ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ։Օպամա արդէն այցելեց Աթաթիւրքի Դամբարանը Ծաղկեպսակ մը զետեղելով։ Պարաք Օպամա փափաքած է հանդիպում ունենալ Ընդդիմադիր Կուսակցութեանց Պարագլուխներու հետ։ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Տենիզ Պայքալի եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի հետ։ Սակայն անոնք պնդած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ միայն գլուխ-գլխի հանդիպում կ՝ունենան եւ ոչ թէ հաւաքական։Իսկ Քրտական Ժողովրդավարական Ընկերութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սելահաթթին Տեմիրթաշ պատրաստակամութիւն յայտնած է Օպամայի հետ որեւէ ձեւի հանդիպում ունենալու համար։

ԵՐԵՒԱՆ- Բանահաւաք, բանագէտ, ժողովրդագէտ Վերժինէ Սվազլեան այս տարի կը տօնէ իր ծննդեան 75ամեակը։ Եգիպտոսի Ալեքսանտրիա քաղաք բնակող, գրող հրապարակախօս Գառնիկ Սվազլեանի ընտանիքին մէջ ծնած, Վերժինէն, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին գրի առաւ ծննդավայրը կորսնցուցած հայրենակիցներու յիշողութիւնները։ Սեփական նախաձեռնութեամբ, ան քալելով շրջեցաւ գիւղ առ գիւղ, այցելեց հայրենիքի եւ սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներ, հաւաքեց ու տարբեր լեզուներով թարգմանեց Արեւմտահայաստանէն, Կիլիկիայէն եւ Անատոլիայէն տարագիրներու զանազան բարբառներով նշխարներ։Այս տարի Ատանայի կոտորածի 100րդ տարելիցն է, եւ թէ Վերժինէ Սվազլեանի գրի առած ապացոյցները կոտորածի մասին, անմրցակից կռուան են՝ թրքական քարոզչութեան դէմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.