2009-04-05 18:16:12

Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին ծաղկազարդի պատարագը ս. Պետրոս հրապարակի վրայ մասնակցութեամբ տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներու։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին ծաղկազարդի պատարագը ս. Պետրոս հրապարակի վրայ մասնակցութեամբ տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներու։



Կիրակի, ապրիլ 5, եկեղեցին կը յիշատակէ ծաղկազարդի տօնը` Յսուսի յաղթական մուտքը երուաղէմ։ Ծաղկազարդի կիրակին կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար նաեւ երիտասարդութեան օր է։ Ահա այս պատճառաւ ս. Պետրոս հրապարակը այսօր խռնուած է երիտասարդներով, որոնք եկած են Սրբազան Քահանայապետին հետ միասին տօնախմբելու իրենց տօնը։ Հրապարակը զարդարուած է ձթէնիի ծառերով` նուէր Իտալիոյ Բուլիա մարզին։

Սրբազան հայրը երիտասարդներուն ուղղած քարոզին մէջ բացայայտեց օրուան խորհուրդին իմաստը։

Ի տես Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ հեծած աւանակի վրայ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, շատերը իրենց հագուստները կը տարածէին ճանմբուն վրայ, ուրիշներ` ծառերէն ոստեր կը կտրէին եւ կը նետէին ճամբու վրայ։ Առջեւէն ու ետեւէն գացողները կ՛աղաղակէին. ՛՛Ովսաննա, օրհնեալ ըլլայ Ան որ կու գայ Տիրոջ անունով՛՛։ Օրհնեալ ըլլայ մեր հօր` Դաւիթի թագաւորութիւնը, Ովսաննա երկինքի բարձունքներն ի վեր։

Այդ խանդավար ուխտաւորները արդիօ՞ք գիտէին ի՞նչ ըլլալը Դաւիթի թագաւորութիւնը որ կու գայ, հարց տուաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Իսկ մենք արդիօ՞ք հասկցանք այն թագաւորութիւնը, որու մասին Յիսուս խօսեցաւ Պիղատոսին հարցաքննութեան ժամանակ։ Յովհաննէս աւետարանիչը, Յիսուսի Երուսաղէմի մուտքէն ետք, կը մէջբերէ Յիսուսի կարգ մը խօսքերը, ուր Յիսուս կը բացայայտէ էականը իմաստը այդ նոր թագաւորութեան` վայր Աստուծոյ երկիրպագութեան։ Իմ տունս, կ՛ըսէ Յիսուս, աղօթքի տուն պիտի կոչուի, աղօթքի տուն` բոլոր ազգերու համար։

Ամէնքս կանչուած ենք բնակելու Աստուծոյ տունը։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. այսօրուայ ծիսակատարութեան աւարտին Աուստրալիայի երիտասարդները երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան Խաչը պիտի յանձնեն սպանացի իրենց եղբայրակիցներուն, ուր յառաջիկայ երիտասադութեան օրը Մատրիտ պիտի կատարուի։ եւ մենք, մեր կարգին պիտի ընկերանանք անոնց ճանչնալու Աստուծոյ սիրոյ խորհուրդը։ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհ որ իր Միածին Որդին տուաւ որպէսզի ամէնքս փրկուինք։ Ով որ իր կեանքը կ՛ուզէ պահել պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով որ իր կեանքը կու տայ պիտի վերագտնէ զայն։ Այս է յանձնառու ճշմարտութիւնը, որուն կանչուած ենք կատարել հետեւելով Յիսուսի օրինակին։ Սրբազան Հայրը իր քարոզը եզրափակեց ըսելով. Թող Տէրը օրհնէ ձեր այս ուղւորութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.