2009-04-05 18:20:27

2 Ապրիլի վաղ առաւօտուն(1848ին) իր տունէն դուրս գալով կ՝անյայտանար

՝՝Հայաստանի Վէրք՝՝ին անմահ երգիչը՝ ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆ։


2 Ապրիլի վաղ առաւօտուն(1848ին) իր տունէն դուրս գալով կ՝անյայտանար

՝՝Հայաստանի Վէրք՝՝ին անմահ երգիչը՝ ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆ։

161 տարի անցած է, արդի հայ գրականութեան հիմնադիրի՝ Խաչատուր Աբովեանի անյայտ վախճանէն։ (Նաեւ իր ծննդեան տարեթիւը ճշգրտուած չէ, եւ 1803էն մինչեւ 1809ի Հոկտեմբեր 12ը, կը գործածուին Աբովեանի կենսագիրներուն կողմէ)։

Խաչատուր Աբովեան-ի հայ գրականութեան մէջ նոր դարաշրջան բացող իր կոթողական գործը՝՝Վէրք Հայաստանի, Ողբ Հայրենասէրի՝՝ անմահ ստեղծագործութիւնը գրուած ըլլալով հանդերձ1840ին , ամբողջ 18 տարի ձեռագիր վիճակի մէջ մնաց։ Թէեւ ամբողջ այդ ժամանակաշրջանին ձեռքէ ձեռք խլուեցաւ ու յափշտակութեամբ կարդացուեցաւ, բայց միայն 1858ին, Աբովեանի անյայտ վախճանման 10ամեակին առիթով, լոյս տեսաւ տպարանէն Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին, որուն առաջին շրջանաւարտներէն եղած էր անկրկնելի Աբովեան։

Պարսկական գրաւման տակ գտնուող Երեւանի մերձակայ Քանաքեռ աւանը ծնած պատանի Խաչատուր, մանուկ տարիքէն ղրկուեցաւ Էջմիածին՝ ուսանելու եւ կուսակրօն դառնալու համար։ 1821ին կը մեկնի Թիֆլիս, ուր թաղային վարժարան մը յաճախելէ ետք կ՝ընդունուի նորաբաց Ներսիսեան վարժարանը, որուն ուսումնական շրջանը կ՝աւարտէ փայլուն արդիւնքով եւ կը վերադառնայ Էջմիածին՝ Սարկաւագ ձեռնադրուելու եւ Կաթողիկոսի քարտուղարը դառնալու համար։ Էջմիածնի մէջ իբրեւ սարկաւագ ու քարտուղար կեանքի իր տարիներուն Աբովեան կը սկսի հայրենասիրական եւ քնարերգական ոտանաւորներ գրել՝ առաւելաբար գրաբարով։ Այդ շրջանին կը պատկանի ՝՝Կարօտութիւն Նանի Վայելչութեանց Հայրենեաց Իմոյ՝՝ բանաստեղծական իր գործը։ Միաժամանակ կը խորանան եւ կը հունաւորուին հայրենի հողին ու հայ շինականին նկատմամբ Աբովեանի տածած անհուն սէրը, օտարի տիրապետութեան եւ մահմետական բռնատիրութեան դէմ ազատասէր հայու Աբովեանական ընդվզումը։ Վրայ կը հասնի 1828ի ռուս-թրքական պատերազմը եւ Աբովեան մեծ խանդավառութեամբ կը փարի քրիստոեայ ռուս ժողովուրդին հետ միացման գաղափարին։ Բայց 1829ին Արարատ Լերան գագաթը մագլցելու իր ունեցած հնարաւորութիւնը, իսկական անկիւնադարձ մը կը կազմէ Խաչատուր Աբովեանի կեանքին ու գործին։ Էսթոնիայի Դորպատի համալսարանէն փրոֆ. Պարրորտ Երեւան կը ժամանէ եւ Արարատը մագլցելու համար իրեն ընկերակցող հայ մը կը փնտռէ։ Խաչատուր Սարկաւագ կամաւոր կը ներկայանայ, բայց Աշտարակեցի Կաթողիկոսի արգելքին կը բախի, որովհետեւ ՝՝սրբապղծութիւն՝՝ կը նկատուէր Սուրբ Լերան կատարը մագլցելու որեւէ փորձ։ Աբովեան սակայն չենթարկուիր Կաթողիկոսի արգելքին, կ՝ընկերակցի Փրոֆ.Պարրոտին ՝՝Դէպի Լեառն Մասիս՝՝ եւ, այնուհետեւ, մինչեւ Դորպատի համալսարան, ուր կը կատարելագործէ իր ուսումը լեզուներու՝ ռուսերէնի, գերմաներէնի, որոշ չափով ֆրանսերէնի եւ անլգերէնի մէջ։ Երբ 1836ին կը վերադառնայ Երեւան, դիմումներ կը կատարէ նորօծ Յովհաննէս Կարբեցի Կաթողիկոսին, որպէսզի Էջմիածնի մէջ արդիական դպրոց մը հիմնէ, գիւղական ուսուցիչներ պատրաստելու համար։ Ոչ միայն ընդառաջում չի գտներ, այլեւ՝ ընդհանրապէս հայկական վարժարաններու դռները կը փակուին ուսուցչութեան դիմում կատարող Աբովեանի առջեւ։ Կը ստիպուի Թիֆլիս մեկնիլ եւ պետական ուսուցիչ դառնալ։ Ահա այդ պայմաններուն տակ, հալածանքի, ապրուստի դժուարութեան եւ օտար երեխաներու դասաւանդութեան մթնոլորտին մէջ, Աբովեան կ՛ապրի ստեղծագործական իր երկունքի կարեւորագոյն շրջանը, որուն անմահ կոթողը կը դառնայ 1840ին աւարտած իր ՝՝Վէրք Հայաստանի՝՝ն։ Իրաւամբ ըսուած է, որ Խաչատուր Աբովեանի ՝՝Վէրք Հայաստանի՝՝ն հայ ժողովուրդի արդի ժամանակաշրջանի Նարեկն է որուն կերտիչը իր կենդանութեան հալածուեցաւ հայ թէ ռուս իշխանութեանց կողմէ, մինչեւ որ այսպիսի օր մը, 1848ի Ապրիլի 2ին, վաղ առաւօտեան, իր տունէն դուրս եկաւ եւ անյայտ ուղղութեամբ գնաց՝ այլեւս երբեք չվերադառնալու համար, անհետ կորսուելով։ Որոշ կենսագիրներ կը պնդեն, թէ Խաչատուր Աբովեան Արարատ լեռը բարձրացաւ եւ կորսուեցաւ։ Ուրիշներ կը պաշտպանեն այն վարկածը, որ ցարական իշխանութեանց կողմէ ձերբակալուեցաւ եւ Ռուսաստանի խորերը աքսորուեցաւ ու հոն անհետացաւ ։ Իսկ Խաչատուր Աբովեանի արժանի հոգեզաւակը հանդիսացող Ակսել Բակունց կը հաւատայ, որ Ազատութեան մեծ երգիչը գնաց Ֆրանսայ՝ միանալու 1848ի յեղափոխութեան մեծ շարժումին։ Բայց ինչ որ ալ ըլլայ բուն իրականութիւնը, Խաչատուր Աբովեան միայն մարմնով հեռացաւ հայ ժողովուրդի սրտէն ու մտքէն, առյաւէտ նուաճելով իր անփոխարինելի տեղը՝ Հայ Հոգիին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.