2009-04-04 12:57:54

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց ՜՜Ս. Պետրոս՝՝ կոչուած բարեսիրական մարմինը` ՜՜տնտեսական տագնապը յարոյց յոյսի մեծ կարիք մը՝՝ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։


՜՜Ս. Պետրոս՝՝ կոչուած բարեսիրական մարմնի տարեկան ունկնդրութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց ՜՜յոյսի մեծ կարիքը տնտեսական տագնապի մեր ժամանակին՝՝, միաժամանակ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց յիշեալ մարմնի անդամներուն բերած նպաստին Հռոմի քրիստոնեայ հասարակութեան։ Սրբազան Քահանայապետը խրախուսեց զանոնք առաջնորդուելու Քրիստոսէն, որպէսզի իրենց զանազանեալ եղբայրօգնութիւնները ըլլան նշանը քրիստոնէական յոյսի։

Յայտնենք թէ ՜՜Ս. Պետրոս՝՝ կոչուած բարեսիրական մարմինը հիմնուած է 1869ին, անոր մաս կը կազմեն Հռոմի հարուստ ընտանիքները, որոնք իրենց նպաստը ի սպաս դրած էին երջ. Պիոս Թ. Քահանայապետին։ Հռոմէական բարեսիրական այս ակումբը ներկայիս յատկապէս անվճառ ճաշեր ու զգեստ կը բաշխէ քաղաքի ընչազուրկերուն, ու ապաստան` անօճախներուն, եւ մասնաւորապէս օգնութեան կը հասնի ոչ ամուսնացած մայրերուն։





Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Տոմենիքան հանրապետութեան նոր դեսպանին հաւատարմագրերը քաջալերեց որ պայքար մղուի թմրեցուցիչի վաճառքի, բռնութեան ու կաշառատուութեան դէմ։

Խօսքը ուղղելով նոր դեսպան` տիար Վիքթոր Կրիմալտիին Սրբազան Հայրը ըսաւ. ՜՜Ամէն ինչ որ կը հզօրացնէ պետութիւնը հիմնական է ընկերութեան բարրօրութեան՝՝։ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ նաեւ կեանքի պաշտպանութեան մասին սաղմէն սկսեալ մինչեւ բնական մահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.