2009-04-04 13:01:09

Նորայր Ադալեանի ‘‘Տեսիլք’’ նորավէպի գերմաներէն թարգմանութիւնը


Ֆրանքֆորթի Կլարէ հրատարակչատունէն 2008-ին լոյս տեսաւ, հայ ժամանակակից գրող՝ Նորայր Ադալեանի ‘‘Տեսիլք’’ նորավէպը, որ գերմաներէնի թարգմանած է Լեւոն Սարգսեան։ Գիրքը գերմաներէնով ստացած է ‘‘ Տառապանք եւ սէր անուանումը’’ ։ Ասիկա նորավէպին չորրորդ հրատարակութիւնն է։ Գիրքը կը պատմէ դատաւորի մը տառապանքներն ու սէրը, եւ ան չի կրնար հրաժարիլ սպանութեամբ ամբաստանուածի մը նկատմամբ իր ունեցած համակրանքէն։ Գերմաներէնով հրատարակութեան ներածութեան հեղինակը Փաուլ Կալս, գիրքերու ֆրանքֆորթեան տօնավաճառին՝ գիրքի շնորհահանդէսին ընթացքին ըսած է որ ՜՜Նորայր Ադալեանի նորավէպին մէջ, ես նոր ուղղութիւն նկատած եմ, բան մը, որ չկայ գերմանական գրականութեան մէջ, եւ ասիկա կրնայ պատճառ հանդիսանալ, որ նորավէպը շատ աւելի հետաքրքրական թուի գերմանացի ընթերցողին։

Նորայր Ադալեան ներկայիս եւ մինչեւ ապրիլի վերջը պիտի աշխատի Գերմանիոյ մէջ։ Ան կը գրէ իր հերթական գիրքը, որուն մէջ կը նկարագրէ երիտասարդ կնոջ մը երեւակայական եւ անհեթեթ զգացումներն ու միտքերը, կը պատմէ Հայաստանի մէջ իգական եւ արական սեռերու միջեւ յարաբերութիւններուն մասին, ինչպէս միշտ՝ շեշտադրելով ժամանակակից աշխարհին մէջ անհատի հոգեվիճակը։











 







All the contents on this site are copyrighted ©.