2009-04-03 12:38:44

Ակնարգ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարգ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀԱՅԵՐԷՆ ՀԱՂՈՐԴՈՒՄՆԵՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ։

Թուրքիոյ պետական Թէ.Ռէ.Թէ. պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի ընկերութիւնը երէկ սկսած է հայերէն ձայնասփիւռային հաղորդումներու սփռումին։՝՝Թուտէյզ Զաման՝՝ անգլերէնով լոյս տեսնող թրքական թերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ձայն ռատիոկայանը ամէն օր Թուրքիոյ ժամով՝ժամը 7.00-7.30 եւ 18.00-18.30 հայերէն ռատիոհաղորդումներ պիտի սփռէ։



Իրանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Համիտ Պիհպահանիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ Հայաստան ժամանած է երկօրեայ այցելութեան մը համար։ Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գուրգէն Սարգսեան եւ նախարարութեան բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ դիմաւորած են պատուիրակութիւնը Զուարթնոց օդակայանին մէջ։ Երկու երկիրներու փոխադրութեան մարզը ներկայացնող նախարարները կարճատեւ զրոյց մը ունեցած են օդակայանին մէջ։ Նոյն օրը, Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած փոխադրութեան մարզին մէջ համագործակցութեան միացեալ յանձնախումբի նիստի ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր, որոնց կարգին՝ Իրան - Հայաստան երկաթուղիի կառուցման իրանական կողմի հաւանական մասնակցութեան հարցը։ Փոխադրութեան մարզին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան միացեալ յանձնախումբի երկրորդ նիստի աւարտին կողմերը պիտի նախա-ստորագրեն Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ուղիղ երկաթուղային գիծ կառուցելու մասին փոխըմբռնման յուշագիրի նախագիծը։



Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Ռուզաննա Առաքելեան ՝՝Ուրբաթ՝՝ ակումբին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի՝ Թուրքիա կատարելիք այցելութեան առիթով թրքական լրատուամիջոցները հրապարակումներ կընեն հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորող ծրարի մը մասին։ Ծրարը կը ներառէ միայն հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող կէտեր՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում, սահմանի բացում, Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող յանձնախումբ եւ այլն։ Դաշնակցութիւնը ոչ թէ դէմ է հայ-թրքական սահմանի բացման(ըսած է դեռ Ռուզաննա Առաքելեան) այլ կը փափաքի , որ համակողմանիօրէն վերլուծուի, թէ ի՛նչ վնասներ կրնանք ունենալ եւ ի՛նչ օգուտներ քաղել,քանի որ սահմանին բացումով հայ-թրքական յարաբերութիւններու սկիզբը պիտի դրուի եւ այդ սկիզբը պէտք է ճիշդ դնել, (ընդգծած է դաշնակցական պատգամաւորը)։



ԸՍՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՏԵՂԱԿԱԼ ՃԵՄԻԼ ՉԻՉԵՔԻ ՜՜ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱՄԵՐՁ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ (քրտական) ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳ ՄԸՆ Է(թուրքիոյ համար)։ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտական Ժողովրդավարական Ընկերութիւն կուսակցութեան անդամ երեսփոխանները քննադատեցին Թուրքիոյ վարչապետի տեղակալ Ճեմիլ Չիչեքի այն յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանի սահմանամերձ նահանգի մը մէջ կուսակցութեան արձանագրած ընտրական յաղթանակը ազգային ապահովութեան սպառնալիք մը կը ներկայացնէ։Այլ խօսքով, անոնք (քիւրտերը) Հայաստանի հետ սահմանին ուղղութեամբ յառաջացած են ուստի հարկ է այդտեղ ուշադրութիւն դարձնել(կ՝ըսէ Չիչէք)։



ԼՈՆՏՈՆ- Աշխարհի տնտեսութեան գրեթէ հարիւրէն 85 տոկոսը իր հակակշռին տակ ունեցող Քսանի խմբակի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն Լոնտոն կայացած Գերաստիճանին աւարտէն ետք, Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաուն Ապրիլ 2-ին յայտարարեց, թէ որոշուած է Միջազգային դրամական հիմնադրամին ու Համաշխարհային դրամատան 1100 միլիառ տոլարի յաւելեալ վարկեր կատարելու իրաւասութիւն տալ՝ օժանդակելու համար տնտեսական համաշխարհային ճգնաժամէն տուժած երկիրներուն եւ հաստատութեանց։ Պրաուն աւելցուց, թէ որոշուած է միացեալ հսկիչ մարմին մը ստեղծել՝ կանխելու համար դրամատնային հսկայական վնասները, որոնք տնտեսական նահանջին գլխաւոր պատճառը կը նկատուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.