2009-04-03 12:51:04

 Լուրեր հայ աշխարհէն

Անթոնիա Արսլանի նոր վէպի պաշտօնական ներկայացումը Հռոմի մէջ

՜՜Արտոյտներու Ագարակը՝՝գործէն ետք ՜՜Դէպի Իզմիր՝՝ը մեծ ընդունելութիւն գտաւ։


Անթոնիա Արսլան հեղինակը ՜՜Արտոյտներու Ագարակը՝՝ վէպին կը շարունակէ պատմել Մեծ Եղեռնի ու յետեղեռնեան դեպքերու մասին, նաեւ իր այս երկրորդ գործին մէջ որ կը կրէ ՝ ՜՜Դէպի Իզմիր ՝՝ վերնագիրը ուր կ՝անդրադառնայ յատկապէս աշխահացրիւ հայ որբերու ճակատագրին։

Կազմակերպութեամբ Հռոմի հայ գաղութի խորհուրդին ու մասնակցութեամբ՝ Րիցցօլի հրատարակչատան, Հինգշաբթի 22 Մարտ 2009-ին , տեղի ունեցաւ ՜՜Դէպի Իզմիր՝՝ գրքին ներկայացումը Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքի շքեղ հիւրասրահին մէջ, որ ծայրէ ծայր լեցուած էր Անթոնիա Արսլանի համակիրներով։ Մասնաւորապէս ներկայ էին իտալական զանգուածային մետիաներու ներկայացուցիչներ, ըլլալով Անթոնիա Արսլան յայտնի դէմք մը ու յայտնի գրագիտուհի մը Իտալիոյ գրական ու մշակութային աշխարհէն ներս։

Հանդիսասրահին խորքին դրուած՝ սեղանին շուրջ, տեղ գրաւած էին La Stampa օրաթերթի լրագրող միաժամանակ գրագէտ Մարքօ Թոզաթթի ապա Պրունելլա Սքիզա Il Venerdi շաբաթաթերթի լրագրուհի, անոր քով հեղինակը, հուսկ Նիքոլէթթա Թիլիագուս Il Foglio օրաթերթի լրագրուհին՝ որ յիշեց իր մեծ հօր ծագումը որպէս Իզմիրցի. ու նաեւ Տիար Րոպէր Աթթարեան՝ փոխ նախագահը Հռոմի հայ գաղութի խորհուրդին, որ ներկայացուց հեղինակն ու հիւր լրագրողները կատարելով հանդէսի բացումը։

Միջամտութիւնները եղան շատ հետաքրքրական, Մարքօ Թոզաթթի անգամ մը եւս անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան հաստատելով կապը Արսլանի երկու հատորներուն եւ հայերու վերջին հարիւրամեակի պատմութեան միջեւ։

Իսկ Պրունելլա Սքիզա խօսեցաւ յատկապէս հատորի քնարերգականութեան ու Անթոնիա Սրսլանի գրչի երփներանգութեան մասին։

Նիքոլէթթա Թիլլիաքոս վկայեց թէ ինչպէս իր յիշողութեան մէջ մնացած դէպքերը պատմուած իր մեծ հօր կողմէ (Իզմիր ծնած) իրականութեան կը համապատասխանէին, Արսլանի գրքին մէջ։

Ապա խօսք առաւ հեղինակը իր քաղցր ձայնով ու առինքնող ոճով անգամ մը եւս վերակենդանացուց հայ ազգին պատմութիւնը ապրեցնելով ներկաներուն մէջ յուզիչ պահեր։ Հուսկ բանքը արտասանեց Լեւոնեան դպրեվանքի մեծաւոր գերյ. Յովսէփ Ծ վրդ. Քելեկեան որմէ ետք Անթոնիա Արսլան շրջապատուած հարիւրաւոր ներկաներէ յօժարակամ մակագրեց իր նոր ՜՜Դէպի Իզմիր՝՝ խորագրով հատորը որ արդէն իսկ սպառած ըլլալով Րիցցօլի հրատարակչատունը արդէն վերահրատարակած է, ինչպէս որ յիշեցուց Տիար Աթթարեան ներկաներուն։



Ակունք Ազգագրական Խումբի Համերգները Սուրիոյ Տարբեր Նահանգներու Մէջ

Հայաստանի Ակունք ազգագրական երգչախումբը Մարտ 24-30ի միջեւ համերգներով հանդէս եկաւ Սուրիոյ Հալէպ, Հասաքէ եւ Տէր Զօր նահանգներուն մէջ։ Խումբը իր ելոյթներով ներկայացուց պատմական Հայաստանի նահանգներուն ազգային երգն ու պարը: Ակունքի ելոյթները Սուրիոյ մէջ, տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Սուրիոյ հանրապետութիւններուն միջեւ մշակութային համագործակցութեան շուրջ գործնական ծրագրի շրջանակներէն ներս՝ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայաստանի դեսպանութեան համատեղ ջանքերով։








All the contents on this site are copyrighted ©.