2009-04-02 15:29:48

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը քահանայական կոչումներու օրուան առթիւ`ի տես քահանաներու պակասին, Սրբազան Քահանայապետը աղօթքի կը հրաւիրէ Աստուծոյ ժողովուրդը։


Յառաջիկայ Մայիս 3-ը կը զուգադիպի քահանայական կոչումներու 46-րդ օրուան, այս առթիւ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է հաւատացեալներուն հրաւիրելով զանոնք աղօթելու՝ քահանայական կոչումներու համար ՜՜հունձքը առատ է եւ մշակները քիչ՝՝. Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ կը յայտնէ թէ աշխարհի կարգ մը շրջաններու մէջ իրապէս մտահոգիչ է քահանաներու պակասը եւ այս պատճառաւ Եկեղեցւոյ առջեւ կը յայտնուին լուրջ դժուարութիւններ եւ արգելքներ։ Միաժամանակ Սրբազան Հայրը իր համոզումը կը յայտնէ թէ Տէրը ազատօրէն կ՛ընտրէ, եւ ամէն մշակոյթէ ու տարիքէ մարդիկ կը հրաւիրէ, որպէսզի իրեն հետեւին, իր ողորմած սիրոյ անքննելի ծրագիրներուն համաձայն։

Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ քրիստոնեաները աղօթելու որպէսզի Աստուծոյ կոչը իրականանայ ընտանիքներու եւ ժողովրդապետութիւններու մօտ, եկեղեցական շարժումներու ու եղբայրութիւններու ու նաեւ թեմական բոլոր կառոյցներու մէջ։

Ապա Սրբազան Հայրը դիտել կու տայ. ՜՜ թէեւ աշխարհի մէջ քահանաներու թիւը աճում արձնագրած է այս վերջին տարիներուն, մասնաւորապէս Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ, սակայն Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ նորընծաներու թիւը զգալիօրէն քիչ է՝՝։

Իր պատգամին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կոչ կ՛ուղղէ ապագայ քահանաներուն որ լաւ ընտրութիւն կատարեն ու վեհանձնութեամբ համապատասխանեն Աստուծոյ ծրագրին։

Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կը խօսի Ս. Հաղորդութեան փրկարար ծրագրին մասին, որուն կանչուած են քահանաները մշտապէս կատարելու՝ դարերու հոլովոյթին։ Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը կը գրէ թէ ՜՜Քահանան կը վայելէ Քրիստոսի օգնութիւնը եւ օրհնութիւնը հակառակ մարդկային բոլոր տկարութիւններուն՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.