2009-04-02 15:35:15

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը հրաւիրէ լեհերը աղօթելու՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի երանացման համար։


Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի մահուան տարելիցի նախօրեակին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը լեհ հաւատացեալներէն խնդրեց որ աղօթեն լեհ Քահանայապետին երանացման համար։ Սրբազան Հայրը Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, ողջունելով ունկնդրութեան ներկայ՝ լեհ հաւատացեալները ըսաւ. ապրիլ 2-ին Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի հոգւոյն համար պատարագ պիտի մատուցանեմ եւ ձեզի հետ միասին Աստուծմէ պիտի խնդրեմ անոր երանացման շնորհքը։ Յայտնենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ամէն տարի լեհ Պապին մահուան տարելիցին պատարագ կը մատուցէ Ս. Պետրոսի անուան տաճարին մէջ երեկոյեան ժամը 6-ին բազմաթիւ երիտասարդներու մասնակցութեամբ։



Նշենք թէ չորեքշաբթի օրը, ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը տեսակցութիւն ունեցաւ ամերիկացի աստղագէտներուն հետ, որոնք եկած էին իրեն ներկայացնելու ՜՜պատկերը աստղի մը որ վերջերս յայտնաբերած են եւ որ կը գտնուի արեւային շրջանէն դուրս՝՝։ Ամերիկացի աստղագէտները որոշած են այդ աստղը անուանել ՜՜Պենետիկտոս ԺԶ՝՝ յառաջիկայ ապրիլ 19ին, անոր քահանայապետ ընտրութեան տարեդարձին։








All the contents on this site are copyrighted ©.