2009-04-02 12:48:44

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



Երէկ՝ Ապրիլ 1ին, լրագրողներու հետ հանդիպելով՝ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, (որ կը գլխաւորէ Մայիս 31ի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու ՀՅԴ համամասնական ցուցակը) յոյս յայտնեց, որ առաջին անգամ կատարուող Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւնները առիթ կը հանդիսանան, որպէսզի քաղաքացիները արդարօրէն դրսեւորեն իրենց կամքը ։Հակառակ այն հանգամանքին, որ Արծուիկ Մինասեան հանրութեան լայն շրջանակներու մէջ ամենայայտնի դէմքերէն չէ, սակայն ինք վստահ է, որ քարոզարշաւի ընթացքին պիտի յաջողի լայն ճանաչում ձեռք բերել։ Միւս կողմէ Երեւանի ընտրողներու 68 տոկոսը տեղեակ է Մայիս 31ին սպասուող ընտրութիւններուն մասին եւ կը պատրաստուի քուէարկելու։ Հարցախոյզի արդիւնքով ստացուած այս տեղեկութիւնը Ապրիլ 1ին հրապարակած է Հասարակական ընկերակցութեան նախագահ Գէորգ Պօղոսեանը, որուն կարծիքով, սովորաբար, մասնակցութիւնը այդպիսի մակարդակի կը բարձրանայ նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին։



Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Ապրիլ 1ին այցելեց Տաւուշի մարզ, ընկերակցութեամբ Տաւուշի մարզպետ Արմէն Ղուլարեանի եւ պաշտպանութեան նախարարութեան 3րդ բանակային զօրամիաւորման հրամանատար, զօր. Լեւոն Երանոսեանի։Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար, գնդապետ Սէյրան Շահսուվարեանի հաղորդումով, նախարարը նախ այցելեց հայ-ատրպեճանական սահմանագիծի վրայ տեղակայուած յենակէտերէն մէկը, ուր մարտական հերթապահութիւն կը կատարեն պայմանագրային բանակայիններ։ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նաեւ այցելեց Կոթի եւ Բարեկամաւան Գիւղերը, ուր մուտքին, բնակիչներու կողմէ դիմաւորուեցաւ աւանդական աղ ու հացով եւ երգ ու պարով։ Այնտեղ, նախարարը ականատես եղաւ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Համահայկական միջազգային երիտասարդական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ կառուցուող առանձնատուներուն, որոնք պիտի յատկացուին ազատամարտիկներ՝ Արտաւազդ Բեջանեանի, Սահակ Ղազարեանի, Արայիկ Աբազեանի եւ այլոց ընտանիքներուն։Պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում ունեցաւ նաեւ գիւղացիներու հետ եւ լսեց անոնց խնդիրներն ու մտահոգութիւնները։



ԹՈՐՈՆԹՕ-Պոլսահայ Նուրհան Արմանի Վերջին Սկաւառակը ՝՝Ժունօ-2009՝՝ի Մրցանակակիր։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Քանատայի երաժշտական 38րդ Ժունօ-ի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Մարտ 26-29ին միջեւ, Վանքուվըրի Ճէնէրըլ Մոթըրզ շէնքի սրահին մէջ։ Մրցանակաբաշխութեան այս հանդիսութիւնը Կիրակի երեկոյեան ուղղակի հաղորդումով սփռուեցաւ Սի.Թի.Վի հեռատեսիլի կայանէն։Յատկանշականը այն է, որ Տարուան դասական երաժշտութեան լաւագոյն յօրինումներու դասաւորման մէջ ընտրուած հինգ թեկնածուներուն մէջէն ՝՝Ժունօ-2009՝՝ի առաջնութեան մրցանակին արժանացաւ Ֆլանտէրս Ֆիլտս Ռիֆլէքշըն անունը կրող խտասալիկը, զոր հրապարակ հանած է նախկին պոլսահայ Նուրհան Արմանի Սէնֆոնիա Թորոնթօ սենեկային նուագախումբը։ Նշենք, որ Ֆլանտէրս Ֆիլտսը Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին նահատակուած 411 ամերիկացի զինուորներու յիշատակին կառուցուած գերեզման մըն է, որ ներկայիս կը գտնուի Պելժիքայի մէջ։



ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻԱ-Բրիտանական ՝՝Լինքս՝՝ ոչ կառավարական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնը յայտարարած է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի բացումը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման պիտի նպաստէ։

Ըստ կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Տենիս Սամութի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ սահմանի բացումը պիտի նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման եւ տագնապի մասնակից կողմերու յառաջընթացին նպատակին շուտափոյթ կերպով հասնելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.