2009-04-01 13:44:43

Լուրեր հայ աշխարհէն

Շարլ Ազնաւուր պաշտօնապէս ստացած է հայկական անցագիրը։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի 2008 դեկտեմբերին ստորագրած հրամանագրով ֆրանսահայ մեծ երգիչ ու այժմ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուրի շնորհուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անցագիրը։

Ի դէպ, հայազգի հռչակաւոր երգիչը երկքաղաքացիութիւն ունի՝ ֆրանսական եւ հայկական.ինչ որ բնական է անձի մը համար, որ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան նշանակուած է։

84 ամեայ Շարլ Ազնաւուր, հակառակ իր դիւանագիտական նոր աշխատանքներուն, կը շարունակէ երգիչի իր ասպարէզը։ Ան յայտարարած է, որ երգահանդէսներ պիտի տայ աշխարհի չորս կողմը եւ յառաջիկայ գարնան Լոս Անճելըսի մէջ ճազ երաժշտութեան ձայնասկաւառակ մը պիտի արձանագրէ։ Ան ըսած է որ, իր վերջին ձայնասկաւառակէն արդէն 400 հազար օրինակ ծախուած է։



Արա Ակիշեան Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի նոր ատենապետ։

Հայաստան հիմնադրամը, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղը այժմ ունի իր նոր ատենապետը՝ Արա Ակիշեան։

Ան իրաւաբան է եւ 2001-էն ի վեր Հայաստան հիմնադրամին փոխատենապետն էր։

1988էն ի վեր իրաւաբանական սեփական հաստատութիւն մը հիմնած Արա Ակիշեան ներկայիս գրասենեակներ ունի Էնսինոյի, Սան Տիէկոյի ու Սաքրամենթոյի մէջ, իսկ անոր յաճախորդներու շարքին են մօտաւորապէս 500 ընկերութիւններ եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետութիւնը։ Ան 15 տարի եղած է Արշակ Տիգրանեան վարժարանի Հոգաբարձութեան քարտուղարը, եղած է ՀԲԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի մասնաճիւղի ատենապետ ու նեցուկ կանգնած է UCLA ու USC համալսարաններու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ հայագիտական դասաւանդութեանց ծրագիրներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.