2009-03-31 14:55:41

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Արաբիայի առաքելական տեղապահը՝ ֆրանչիսքեան Հ. Բոլ Հինտեր։


Այս օրերուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիպում կ՛ունենայ Արխենթինայի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու հետ, երկուշաբթի առաւօտ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց աշխարհի մեծագոյն եկեղեցական գաւառներէն մէկը Արաբիայի եկեղեցական գաւառի առաջնորդը, գերապայծառ Բոլ Հինտեր` առաջնորդը Քաթարի, Արաբական Էմիրաթներու, Պահրէնի ու Եէմէնի, որուն կ՛ընկերանար Քուէյթի առաջնորդը` գերապայծառ Գամիլլօ Բալլի։

Արդարեւ Արաբիոյ առաքելական տեղապահութիւնը կը ներփակէ բացի Քուէյթէն, Արաբիոյ թերակղզիի բոլոր պետութիւնները։

Գերապայծառ Բոլ Հինտեր չորս տարիէ ի վեր կը գլխաւորէ Արաբիոյ առաքելական տեղապահութեան։ Այնտեղ քրիստոնեաները կը ներկայացնեն բնակչութեան 3 տոկոսը։ Բացի Սէուտական Արաբիայէն, ուր քրիստոնեաները զուրկ են ամէն տեսակի եկեղեցական ազատութենէ, Արաբիոյ թերակղզիի ղեկավարները աւելի զիջող են պայմանաւ որ քրիստոնէական ոչ մէկ քարոզչութիւն կատարուի մահմետականներու մօտ։

Արաբիոյ առաքելական տեղապահութիւնը հիմնուած է 1889-ին, յանձնուած Գաբիւսէն կրօնաւորներուն։ Աշխարհի մեծագոյն եկեղեցական գաւառներէն մէկը, անոր տարածութիւնը կը հաշուէ 3 միլիոն մեթր քառակուսի, բնակչութեան թիւն է 42 միլիոն, Իսլամներու չախչախիչ մեծամասնութեամբ , կաթողիկէները կը հաշուեն շուրջ 1,4 միլիոն, որոնց մեծամասնութիւնը բանուոր գաղթականներ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.