2009-03-31 12:40:44

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ԹՐՔԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ՀԱՂՈՐԴԱԾ ԼՈՒՐԸ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց թրքական լրատուամիջոցներուն հաղորդած այն տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան իբրեւ թէ յայտարարած է, թէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին բացումը կը ծրագրուի կատարել, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Թուրքիա այցելութենէն ետք։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի պետ Տիգրան Բալայեան յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեանին վերագրուող այդ յայտարարութիւնները իրականութեան չեն համապատասխաներ։Նախարարը այդպիսի յայտարարութիւն մը չէ կատարած։ Նշենք, որ թրքական լրատուամիջոցները կը պնդեն, որ սահմաններու բացումը պիտի կատարուի 24 ապրիլի նախօրեակին։



Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Կերնոթ Էրլերը, ապա անոր հետ Հայաստան ժամանած Գերմանիոյ խորհրդարանի գերմանա-հարաւկովկասեան խորհրդարանական խմբակի նախագահ, երեսփոխան Շթեֆֆեն Ռայխէն եւ Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէա Եոհանա-Մարիա Վիքթորինը։ Սարգսեան չափազանց կարեւոր նկատած է Եւրոպայի յառաջատար երկիրներէն մէկուն՝ Գերմանիոյ հետ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ուղղութիւններով յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը։ Գերմանիան Հայաստանի երկրորդ նուիրատու երկիրն է, ինչպէս նաեւ մեծագոյն տնտեսական գործընկերներէն մէկը։ Սերժ Սարգսեան եւ Կերնոթ Էրլեր խօսած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի բանակցային գործընթացի ներկայ հանգրուանին, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման կարելիութիւններուն մասին։



Մարիօ Նալպանտեանի Մասնակցութիւնը Չիլիի Յառաջդիմական Ղեկավարներու Գագաթնաժողովին։ 28 մարտին Չիլիի Վինա Տել Մար քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Յառաջդիմական ղեկավարներու 6-րդ Գագաթնաժողովը՝ հիւրընկալութեամբ Չիլիի նախագահ Միշել Պաշըլէի եւ մասնակցութեամբ շուրջ հարիւր հրաւիրեալներու, որոնց կարգին՝ Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Ֆերնանտեզ, Պրազիլի նախագահ Լուլա տա Սիլվա, Ուրուկուէյի նախագահ Թապարէ Վասքեզ, Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաուն, Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն, Նորվեկիոյ վարչապետ Ճենս Սթոլթընպըրկ, Սպանիոյ վարչապետ Խոզէ Լուիս Ռոտրիկէզ Զափաթերօ, Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ Ճորճ Փափանտրէու եւ գլխաւոր քարտուղար Լուիս Այալա, Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Խոզէ Միկել Ինսուլզա։ Այս Գագաթաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ընկերվար Միջազգայնականի մօտ ՀՅԴ ներկայացուցիչ, Ընկերվար Միջազայնականի ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւ ծովի յանձնախումբի համանախագահ Մարիօ Նալպանտեան։ Համագումարին ներկայ Մարիօ Նալպանտեան այդ առթիւ հանդիպումներ ունեցաւ բարձրաստիճան շարք մը մասնակիցներու հետ, որոնցմէ գլխաւորը՝ Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ Ճօ Պայտընի հետ՝ արծարծելով Հայաստանն ու Հայութիւնը շահագրգռող հարցեր։



ԹՈՒՐՔԻԱ։ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը կիրակի օր տեղի ունեցած վարչական ընտրութիւններուն ընթացքին յաղթանակ արձանագրեց, սակայն կուսակցութեան նկատմամբ 48 միլիոն թուրք քուէարկողներու զօրակցութեան համեմատութիւնը իջած է՝ կուսակցութեան հիմնադրութենէն ի վեր նուազագոյն մակարդակին։ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը մեծ դժուարութեամբ պահեց Պոլսոյ եւ Անգարայի(երկու գլխաւոր քաղաքաներու) մէջ գտնուող քաղաքապետական աթոռները, սակայն պարտութեան մատնուեցաւ Իզմիրի, Ատանայի եւ Տիարպեքիրի մէջ, ուր վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բուռն ընտրապայքար մղած էր։ Թրքական բազմաթիւ օրաթերթեր յայտնեցին, որ ընտրութեանց արդիւնքները Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան ուղղուած զգուշացումներ էին։ Միւս կողմէ Մարտ 29ին կայացած Թուրքիոյ տեղական ընտրութիւնները աննախադէպ եղան նաեւ Պոլսոյ հայ համայնքին համար, որովհետեւ համայնքէն մեծ թիւով անձեր տարբեր կուսակցութեանց ցանկերէն իբրեւ թեկնածու առաջադրուած էին քաղաքապետական կամ նահանգային խորհուրդներու, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ Մայր քաղաքապետութեան անդամակցութեան համար։ Այս ընտրութիւնները տուին հետեւեալ արդիւնքը. Տոքթ. Հերմոն Արաքս անդամ ընտրուեցաւ Պոլսոյ Կղզիներու Քաղաքապետական խորհուրդին, ապա Պոլսա- հայութեան ծանօթ դէմքերէն Պարոն Վազգէն Պարըն այս անգամ Շիշլիի քաղաքապետութենէն անդամ ընտրուեցաւ Պոլսոյ Մայր քաղաքապետական խորհուրդին, իսկ Պետրոս Աւետիքեան՝ Պոլսոյ Պաքըրգիւղ թաղէն , անդամ ընտրուեցաւ նոյն քաղաքապետական խորհուրդին։ Ապա , Յարութիւն Էրկիւնէ ընտրուեցաւ Շիշլիի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ։ Նաեւ, Յովհաննէս Կարապետեան եւ Երուանդ Էօզուզու անդամ ընտրուեցան Պաքըրիղի քաղաքապետական խորհուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.