2009-03-30 13:13:13

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կիրակի օրը այցելեց Հռոմի արուարձանի մէկ ժողովրդապետութիւնը.


՜՜Կազմել ամուր ընտանիքներ եւ տեղ տալ աղօթքի՝՝ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ։

Կիրակի առաւօտ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելութիւն կատարեց եւ պատարագ մատուցեց Հռոմի մէկ ժողովրդապետութիւնը Մալիանա թաղամասին մէջ։

Իր հովուական այցելութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս հրաւիրեց երիտասարդները ՜՜կազմելու ամուր ընտանիքներ՝՝ եւ հաւատացեալները խրախուսեց որ կարեւորութիւն տան աղօթքի։ Քրիստոնեան կանչուած է հաւատարիմ ըլլալու Աւետարանին (ըսաւ Սրբզ. Պապը) եւ կազմելու ամուր ընտանիք, նաեւ ըլլալու Աւետարանի վկայ մը ընկերութեան մէջ։

Ապա Սրբազան Հայրը հրաւիրեց երիտասարդները մասնակցելու ապրիլ 2-ի հոգեհանգստեան պատարագին որ պիտի մատուցէ Ս. Պետրոսի անուան տաճարին մէջ, Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի մահուան չորրորդ տարելիցին առթիւ։

Հուսկ խօսքը ուղղելով բոլոր ներկաներուն, Սրբազան Քահայանապետը խօսեցաւ անհատական ու ծիսական աղօթքի կարեւորութեան վրայ ինչպէս նաեւ ՜՜քրիստոնեային պարտականութեան՝՝ օգնութեան հասնելու տառապեալին ու աղքատին։ Յայտնենք թէ ասիկա 8-րդ անգամն է որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելութիւն կը կատարէ իր ծխականներուն։

Յովհաննէս ԻԳ Քահայանապետը սկիզբ տուաւ Քահայանապետներու կողմէ ժողովրդապետութիւններու կանոնաւոր այցելութիւններուն ։ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը իր քահայանապետութեան տարիներուն այցելած էր

336 ժողովրդապետութիւններէն 301ը։



Երկուշաբթի` 30 Մարտ 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Արխենթինայի եպիսկոպոսական դասի խումբ մը եպիսկոպոսներուն որոնք եկած են կանոնական հնգամեայ այցելութիւն կատարելու Ս. Պետրոսի յաջորդին։ Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Սէուտական Արապիոյ առաքելական նուիրակը գերապայծառ Բոլ Հինտէր։

Հուսկ Սրբազան Հայրը ընդունեց եղբայր Ալուա` աբբահայրը Թէզէյի եկեղեցական հասարակութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.