2009-03-30 13:25:28

Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն

Իրաքի մէջ ծնունդ առաւ քրիստոնեայ եկեղեցիներու ազգային խորհուրդը։


Խորհուրդին նպատակն է խորհրդակցիլ ու միասնաբար սահմանել հիմնական հարցերը երկրի ապագային, այսպէս յայտարարած է Մուսուլի առաջնորդը` գերապայծառ Գասմուսան։ Իրաքի քրիստոնեայ եկեղեցիներու ազգային խորհուրդին մաս կը կազմեն. կաթողիկէները, օրթոտոքսները եւ բողոքականները։ Եկեղեցապետերը վերջերս իրենց ժողովը գումարեցին Պաղտատի մէջ, սահմանելու՝ այս նոր մարմնին կանոնները, որպէսզի Իրաքի քրիստոնեաները միաբերան խօսին երկիրը յուզող կարեւոր նիւթերու մասին, ինչպէս՝ ՜՜դպրոցական քաղաքականութիւնը՝՝։

Գերմանիոյ աւետարանական եկեղեցւոյ առաջնորդին այցելութիւնը Անգարայի համալսարանը` անոր կոչը միատեղ հասկացողութեան՝ ՜՜Ս. Գիրքի ու Գորանին՝՝։

Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին, Գերմանիոյ բողոքական եկեղեցւոյ պետը վերապտուելի Վոլֆկան Հիւպեր կոչ ըրաւ որպէսզի քրիստոնեաներն ու մահմետականները միասնաբար համագործակցին։ Ան խօսք առնելով Անգարայի համալսարանի աստուածաբանական մասնաճիւղին մէջ, խրախուսեց իսլամ եւ քրիստոնեայ աստուածաբանները կարդալու եւ ուսումնասիրելու Ս. Գիրքը եւ Գորանը մղուած՝ այն համոզումէն, թէ՝ երկու հասարակութիւնները կրնան նպաստը բերել աշխարհի խաղաղ համակեցութեան յուսալով որ Աստուծոյ փրկութիւնը եւ խաղաղութիւնը հաստատուի երկրի վրայ։ Վերապատուելի Հիւպեր այցելութիւն կատարեց Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքին. ան ցաւ յայտնեց թէ Թուրքիան ըլլալով հանդերձ աշխարհիկ կառավարութիւն կրօնական գետնի վրայ շատ ազատութիւն շնորհած է իսլամ կրօնքին ու նաեւ սեղմումներ կրօնական այլ փոքրամասնութիւններուն, որոնք յաճախ թիրախ են խտրականութեան եթէ ոչ հալածանքի։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.