2009-03-29 09:37:34

Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Այս տարի Աւագ Ուրբաթ օրուայ ճանապարհ խաչի խորհրդածութիւնները կը շարադրէ Կվահաթի թեմի առաջնորդը։

Ընդառաջելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի խնդրանքին պատրաստելու 2009ի խաչի ճանապարհի խորհրդածութիւնները, հնդիկ գերապայծառ Թոմաս Մենաբարնբիլ ըսաւ. Սրբազան Հօր այս նախընտրութիւնը ցոլացումն է անոր հոգատարութեան հանդէպ Ասիայի, ցամաքամաս մը որ շատ կը սիրէ։ Ասիանիւզ գործակալութեան հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին Կվահաթի առաջնորդը ըսաւ թէ իր խորհրդածութիւններու մէջ աչքին առջեւ ունի Յիսուսի պատկերը Պիղատոսին դիմաց։ Հնդիկ մշակոյթին համար անիմանալի բան է որ համեստ մարդ մը կարենայ աներկիւղ Պիղատոսին առջեւ ներկայանայ։ Եւ սակայն Յիսուս ամենայն հանդարտութեամբ կեցաւ Պեղատոսին առջեւ եւ ուղղամտութեամբ բացայայտեց իր վարդապետութիւնը։ Քաջութիւն մը, ըսաւ Կվահաթի առաջնորդը, որ պէտք է ներշնչէ մեը ընթացքը. մենք հալածուած եկեղեցի մը չենք այլ՝ ապագայ ունեցող եկեղեցի մըն ենք








All the contents on this site are copyrighted ©.