2009-03-29 09:37:59

Հայրապետական Ս Պատարագ Պէյրութի մէջ Ս Կուսին Աւետման Տօնին Առթիւ


Հայրապետական Ս Պատարագ Պէյրութի մէջ Ս Կուսին Աւետման Տօնին Առթիւ



Ս Կուսին Աւետման տօնին եւ Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ու Աւետման Աստուածամօր Եկեղեցւոյ 75ամեակի յոբելեաններուն առիթով, 25 Մարտ 2009-ին, Ամեն. եւ Գերեջ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիաքը հանդիսաւոր պատարագ մատոյց Ս Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ. մասնակցութեամբ՝ Արհի Վարդան եպս Աշգարեանի, գերյ. Հ Միքայէլ ԹԾ Վ Մուրատեանի, եւ հայ կաթողիկէ վարդապետներուն,ու ներկայ էր նաեւ Լիբանանի նախկին երեսփոխան հայազգի Ժագ Չուխատարեան, Զմմառու դպրեվանքի նորընծաները, որոնք ապահովեցին սպասաւորութիւնը, ժողովրդապետական խորհուրդը եւ եկեղեցասիրաց տիկանց միութիւնը եւ հաւատացեալ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Ս Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ Կիլիկիա երգչախումբը։

Այս առթիւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը

Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Այս տարի կը յիշատակենք թէ Պատրիարքարանի եւ թէ Աւետման Աստուածամօր Եկեղեցւոյ 75ամեակի յոբելեանը։ Արդարեւ, 9 Մարտ 1934ին եւ անոր յաջորդող 29 Ապրիլին, Երջանկայիշատակ Աւետիս Պետրոս տասնչորսերորդ Արփիարեան Կաթողիկոս Պատրիարքը նորակերտ Պատրիարքարանի շէնքը եւ Աւետման Եկեղեցին՝ Պիոս մետասաներորդ Սրբազան Քահանայապետին նպաստով շինուած, անոնց բացումը եւ օծումը կատարեց ի ներկայութեան եկեղեցական եւ քաղաքական մեծ անձնաւորութիւններու եւ հայ կաթողիկէ կղերի եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։

Սուրբ Պետրոս Աառաքեալը կը խրախուսէ նորադարձ քրիստոնեաները սա խօսքերով. Մօտեցէք անոր - այսինքն Յիսուս Քրիստոսին և որ է վէմ կենդանի... դուք ալ իբրեւ կենդանի վէմեր կը կառուցուիք իբրեւ տաճար հոգեւոր, . . . որպէսզի Յիսուս Քրիստոսով ընծայէք Աստուծոյ հաճելի եւ հոգեւոր զոհեր Ա. Պետ. 2, 4-5։

Այո՛, սիրելիներ, կենդանի եկեղեցին դուք էք։ Եւ երբ կը տօնենք այսօր այս քարաշէն տաճարին կառուցման 75ամեակը, ձեր հասարակութիւնը կը տօնենք, ձեզ կը տօնենք։ Այս տօնը իրաւամբ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան եւ անոր իւրաքանչիւր հաւատացեալին տօնն է։

Ամէն եկեղեցի եղած է իր զաւակներուն ըլլալու համար միասնականութեան տուն եւ կրթիչ դպրոց։ Այս միասնականութիւնը կրնայ իրականանալ միմիայն, երբ հաւատքով չափահաս հաւատացեալները իրար զիրար սիրեն, իրարու ներեն իրենց յանցանքերը եւ իրարու հետ համագործակցին, մանաւանդ զանազան Յանձնախումբերու եւ Միութիւններու անդամները։

Այս 75 տարիներու ընթացքին, եռանդուն հովիւներ ունեցաք, որոնք անսպառ նուիրումով ձեր հոգատարութիւնը յանձն առին, ձեզ ամրապնդելով քրիստոնէական հաւատքին մէջ եւ արծարծելով ձեր մէջ տոհմային ոգին։ Անոնք եղան մատակարարներ սուրբ Խորհուրդներու, բայց եղան մանաւանդ բաշխողներ աստուածային գթութեան եւ սիրոյ։

Այս 75 տարիներու ընթացքին, հարիւրաւոր երեխաներ Աստուծոյ որդիներ դարձան՝ մկրտութեամբ սուրբ Աւազանին մէջ։ Նոյնպէս, զոյգերու պսակները օրհնուեցան եւ բազմաթիւ մանուկներ Առաջին Սուրբ Հաղորդութիւնը ընդունեցան։ Քանիներ՝ ապաշխարութեան Ս. Խորհուրդին ապաւինած, վերագտան իրենց սրտին խաղաղութիւնը։ Քանի ու քանի մահամերձներ ստացան հիւանդներու օծումը եւ սփոփած սրտով պատրաստուեցան մեծ հանդիպումին, Աստուծոյ հայրական գութին եւ հոգիներու արդար դատաւորին հետ։ Կարելի չէ գնահատել այն բոլոր շնորհքները, զոր Յիսուս պարգեւեց ամէն մէկ խոնարհ հաւատաւորին։ Անոնք գրուած են երկինք դպրութեան գիրքին մէջ։

Յոյժ սիրելիներ, որքան երախտապարտ պէտք է ըլլաք ուրեմն ձեր հովիւին հանդէպ եւ աղօթէք իրեն համար, որպէսզի ուրախութեամբ եւ անձնուրաց հոգիով շարունակէ իր նուիրումի հովուական պաշտօնը։ Կարեւոր է նաեւ յիշել հանգուցեալ ժողովրդապետները։ Աղօթեցէ՛ք յատուկ կերպով քահանայական կոչումներուն համար՝ Յիսուս Քրիստոսի պատուէրին համաձայն. Հունձքը առատ է, բայց մշակները քիչ են. աղաչեցէ՛ք ուրեմն հունձքի Տիրոջ, որ մշակներ ղրկէ իր հունձքին Մտթ. 9,37-38։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօրուան սուրբ Աւետարանը մեզի կը զրուցէ Աստուծոյ հրեշտակին աւետումը դեռատի Մարիամին։ Մարիամ երբ հրեշտակին ողջոյնը լսեց, ըսաւ. Ես Տիրոջ աղախինն եմ, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն Ղկ. 1,38։ Այս խօսքերով, Մարիամ հաւատքի ներգործութիւն կատարեց։ Աստուծոյ կամքը ընդունեցաւ իր կեանքին համար, դնելով իր ամբողջական վստահութիւնը Տիրոջ վրայ։ Այս պատասխանը տալով հրեշտակին, Մարիամ ըսած կըլլար՝ Ահաւասիկ եմ, ես ճերմակ թուղթն եմ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ, թող վրան գրէ ինչ որ ուզէ։ Մարիամ ինքզինք ենթարկեց հաւատքի վտանգին, որովհետեւ կրնար քարկոծ ըլլալ, այն պարագային եթէ Յովսէփ զինք մատնած ըլլար։ Բայց Ամենակարողն Աստուած, որուն վրայ Մարիամ իր ամբողջ վստահութիւնը դրած էր, զինք ազատեց այս ահաւոր պատիժէն, ղրկելով իր հրեշտակը Յովսէփին, ինչպէս գիտէք։ Աստուած ամէն հաւատացեալին ալ յատուկ խօսք մը կըսէ՝ քարոզիչի բերնով կամ Ս. Աւետարանի միջոցաւ եւ կամ բարի օրինակներ իրեն ցոյց տալով։ Ան որ կը վստահի Աստուծոյ վրայ, կը պատասխանէ՝ Ահաւասիկ եմ Տէ՛ր, թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն։ Այս ըսելով, հաւատացեալը ինքզինք կը յանձնէ Աստուծոյ բարեգթութեան եւ կը հետեւի Տիրոջ խօսքին, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն որոնց կրնայ ենթարկուիլ։ Այսպիսի հաւատացեալ մը, Մարիամի պէս, ինքզինք կենթարկէ հաւատքի վտանգին, բայց իր յոյսը Աստուծոյ վրայ անխախտելի կը մնայ։ Այս իմաստով, սուրբ Պօղոս ըսաւ. Յոյսը չի՛ խաբեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը սփռուած է մեր սրտերուն մէջ, սուրբ Հոգիով՝ որ մեզի տրուեցաւ Հռոմ. 5,5։

Աստուածամօր հաւատքը այն չէ որ Մարիամ կարգ մը ճշմարտութիւններ կընդունի, այլ որովհետեւ Ան իր յոյսը Աստուծոյ վրայ դրաւ աւելի քան իր հասկացողութեան վրայ։ Մարիամ Իր Այո՛ն ըսաւ, աչքերը գոց, այսինքն առանց հասկնալու հրեշտակին խօսքերը՝ այդ աստիճան որ Ան հրեշտակէն լուսաբանութիւն մը խնդրեց՝ թէ ինչպէս պիտի յղանայ եւ պիտի ծնանի որդի մը ... քանի որ կոյս է։ Հրեշտակը պատասխանեց՝ Հոգին սուրբ պիտի գայ քու վրադ եւ բարձրեալին Զօրութիւնը քեզ պիտի հովանաւորէ Ղկ.1, 31.3435։ Դեռ աւելի անհասկնալի բառեր Մարիամին համար, որոնք հաւատքը միայն կրնայ ընդունիլ։ Մարիամ հաւատաց հրեշտակի խօսքին եւ Յիսուսին մայրը դարձաւ, որովհետեւ գիտէր թէ՝ Անկարելի բան չկայ Աստուածոյ համար։

Ահաւասիկ, սիրելիներս, հաւատքին ուժը եւ յատկանշականը։ Ամէնքս կոչուած ենք այս նոյն հաւատքով ապրելու, առանց նկատի առնելու մեր տկարութիւնները, այլ վստահելով միմիայն Աստուծոյ զօրութեան եւ իմաստութեան վրայ, որուն համար ոչինչ անկարելի է։

Սուրբ Օգոստինոս կըսէ. Մարիամ Յիսուսը յղացաւ նա՛խ իր սրտին մէջ, զայն յղանալէ առաջ իր արգանդին մէջ։ Մենք չենք կրնար անշուշտ նմանիլ Մարիամին որ Յիսուսը ֆիզիքապէս յղացաւ։ Բայց կրնանք եւ պարտինք անոր նմանիլ Յիսուս յղանալով մեր սրտին մէջ, հաւատքի միջոցաւ։ Աստուծոյ հաւատալ ըսել է Անոր խօսքին մարմին տալ մեր գործերով։ Նոյնինքն Յիսուս զայն մեզի կը հաստատէ, երբ կըսէ. Ով որ Աստուծոյ կամքը կատարէ, ան է իմ եղբայրս եւ քոյրս եւ մայրս Մկ 3,35։ Ուստի, ամէն անգամ որ Աստուծոյ կամքը կատարես, դո՛ւն Յիսուսի եղբայր կամ քոյր կամ մայր կը դառնաս։

Անձը Յիսուս կը յղանայ իր սրտին մէջ, երբ որոշէ իր սխալ ընթացքը փոխել։ Անձը Յիսուս կը յղանայ իր սրտին մէջ, երբ իսկապէս եւ գործնական կերպով տեսանելի փոփոխութիւններ կատարէ իր կեանքի ընթացքովը։ Օրինակի համար՝ եթէ մէկը ոխ ունի մէկու մը հանդէպ, կերթայ եւ այդ անձին հետ կը հաշտուի։ Եթէ մէկը գէշ բարեկամութիւններ կը մշակէ, նման յարաբերութիւններ կը խզէ։ Եթէ անձ մը անհամբեր է եւ չհանդուրժող՝ տան մէջ կամ ընկերներուն հետ, կաշխատի աւելի հանդարտ եւ հասկացող ըլլալ։

Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս հոգեպարար հանդիսութեան եւ զոյգ տարեդարձներու առիթով, գոհաբանական աղօթք բարձրացնե՛նք Ամենաբարին Աստուծոյ՝ Աստուածամօր բարեխօսութեամբ, իրմէ ստացած բոլոր շնորհքներուն համար։

Խնդրե՛նք սուրբ Կոյս Մարիամէն, որ մեզի թիկունք հանդիսանայ մեր առօրեայ պայքարին մէջ չարին դէմ, ինչպէս նաեւ որպէսզի կարողանանք լիովին, եւ ոչ թէ երբեմն երբեմն, մեր քրիստոնեայ կեանքը ապրիլ անվախ հաւատքով, յարատեւ ուրախութեամբ եւ անխախտ հաւատարմութեամբ։

Պարտք կը համարիմ հոս անկեղծ գնահատանքս արտայայտել ձեր ժրաջան ժողովրդապետին, Գերապատիւ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանին, որ ճիգ չի խնայեր ձեր հոգ հոգւոցը ապահովելու համար։ Կարելի չէ հոս չյիշել նաեւ ձեր նախորդ բոլոր հովիւները։

Կուզեմ սրտագին մաղթանքս յայտնել ժողովրդապետութեան նորակազմ յանձնախումբի անդամ անդամուհիներուն, Եկեղեցւոյ Կիլիկիա հաւատարիմ երգչախումբի կազմին, եւ բոլոր անոնց որոնք կը նուիրուին համայնքի եկեղեցաշէն գործին։ Սիրելիներ, (ըսաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եզրափակելով իր պատգամը) կը մատուցանեմ այս սուրբ Պատարագը ձեր բոլոր աստուածահաճոյ դիտաւորութիւններուն համար. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.