2009-03-29 09:38:26

կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում


կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում

կիրակի` մարտ 29, Զ. կիրակի քառասնորդացի, Գալստեան կիրակի Ընթերցում Ս. Մատթէոսի Աւետարանէն գլուխ 22, 34-46 համարները

Ամենամեծ պատուիրանը

Իսկ փարիսեցիները, լսելով, թէ (Յիսուս)՝ պապանձեցուցած է սադուկեցիները, քովէքով հաւաքուեցան, եւ անոնցմէ մէկը, զինք փորձելով ըսաւ.Վարդապետ, Օրէնքներուն մէջ ո՞րն է ամէնէն մեծ պատուիրանը։ Յիսուս անոր ըսաւ Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ, քու ամբողջ սրտովդ, քու ամբողջ հոգիովդ եւ քու ամբողջ համոզումովդ , այս է մեծ եւ առաջին պատուիրանը։ Իսկ երկրորդը՝ նման է ասոր (Այնպէս) պիտի սիրես ընկերդ՝ ինչպէս քու անձդ ։Այս երկու պատուիրաններէն կախուած են բոլոր Օրէնքները եւ բոլոր մարարէները։

Քրիստոս՝ Դաւիթի որդի

(Օր մը), երբ հաւաքուա՛ծ էին փարիսեցիները, Յիսուս հարցուց անոնց. Ձեր կարծիքը ի՞նչ է Քրիստոսի մասին, որո՞ւ որդին է ան։ (Անոնք) ըսին իրեն Դաւիթի։ Յիսուս ըսաւ անոնց Ինչպէ՞ս կըլլայ, որ հոգեկան ներշնչումով, Դաւիթ Տէր կը կոչէ զինք եւ կ՛ըսէ

Տէրս ըսաւ իմ Տիրոջս, թէ Աջ կողմս նստէ, մինչեւ որ ոտքերուդ տակ՝ իբրեւ պատուանդան դնեմ թշնամիներդ ։Արդ, եթէ Դաւի՛թ Տէր կը կոչէ զինք, ինչպէ՞ս կրնայ ի՛ր որդին ըլլալ։ Եւ նոյն իսկ մէկ խօսք չկրցաւ պատասխան տալ եւ ո՛չ մէկը եւ այդ օրէն սկսած՝ ոչ մէկը համարձակութիւն ունեցաւ բա՛ն մը հարցնելու իրեն։







All the contents on this site are copyrighted ©.