2009-03-28 11:48:40

Հայաստան։ Արի՛ տուն ծրագիրին լոյսին տակ, Մայիսէն Հոկտեմբեր ամիսներուն միջեւ 600 Սփիւռքահայ Երիտասարդներ պիտի ՝ այցելեն Հայաստանը ։


Ընթացիկ տարւոյն՝ Մայիսէն Հոկտեմբեր ամիսներուն միջեւ Հայաստանի մէջ պիտի հիւրընկալուին 600 սփիւռքահայ երիտասարդներ ՜՜Արի՛ տուն ՝՝ ծրագիրին լոյսին տակ,։ Կը ծրագրուի ամսական երկու անգամ Ամերիկայէն, Եւրոպայէն, Մերձաւոր Արեւելքէն եւ ԱՊՀ երկիրներէն կազմակերպել 10-15 երիտասարդի այցելութիւն, ինչ որ կը նշանակէ 50 երիտասարդներու խումբի մը այցելութիւնը. այսպէս հաղորդած է Հայաստան- սփիւռք նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ժենիա Ազիզեան ։ Երիտասարդները պիտի հիւրընկալուին Երեւանի համայնքներու, Կոտայքի, Արմավիրի, Արարատի եւ Արագածոտնի մարզերուն մէջ։ Ներկայիս կարձանագրուին հիւրընկալող ընտանիքները եւ ցանկութիւն ունեցող սփիւռքահայ երիտասարդները։ Ըստ Ազիզեանի ՜՜ ծրագիրը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած է Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի համայնքներուն մէջ՝՝։ Այս առթիւ պիտի կազմակերպուին ճանաչողական այցելութիւններ՝ Զուարթնոցի տաճար, Գառնի, Գեղարդ համալիրներ, Սեւանայ լիճ, Խոր Վիրապ, Տառերու պուրակ, Ամբերդ, Օշական, Մատենադարան եւ Ծիծեռնակաբերդ։ Երիտասարդները պիտի հիւրընկալուին նաեւ պետական ատեաններու կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.