2009-03-27 13:25:27

Վատիկանը կը հրապարակէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Ս. Երկիր կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։


Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը 26 Մարտ 2009-ին հրապարակած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ՜՜Ս. Երկիր՝՝ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը, ճամբորդութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 8-15։

Նորին Սրբութիւնը, միջազգային 12-րդ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին որ պիտի տեւէ 8 օր, պիտի այցելէ յաջորդաբար Յորդանանը, Իսրայէլը եւ Պաղեստինը։

Մայիս 8-ին սկիզբ պիտի առնէ Յորդանանի այցելութիւնը որ պիտի տեւէ մինչեւ 11 Մայիս։ Բարի գալուստի արարողութենէն անմիջապէս ետք (8 մայիսին) Սրբազան Քահանայապետը նախ պիտի այցելէ ՜՜Թագուհի խաղաղութեան՝՝ կոչուած պազիլիքան եւ ապա պիտի ուղղուի արքայական պալատը հանդիպում ունենալու՝ Յորդանանի թագաւորին եւ թագուհիին հետ։ Շաբաթ օրը, մայիս 9ին Նորին Սրբութիւնը պիտի ուղղուի դէպի Նեպօ լեռ, ուր Մովսէս տեսաւ խոստացեալ երկիրը, Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ ՜՜ յիշատակարանի հին տաճարը՝՝ եւ ապա Մատապայի մէջ պիտի օրհնէ Լատին պատրիարքութեան համալսարանի առաջին քարը։ Վերադարձին, Ամմանի մէջ, պիտի այցելէ Հաշիմիթներու թանգարանը եւ Ամմանի Ա՜լ Հիւսէյն Պին Թալալի նուիրուած մզկիթը հոն հանդիպում ունենալու՝ իսլամ կրօնապետերու հետ։ Հուսկ Նորին նսրբութիւնը տեսակցութիւն պիտի ունենայ դիւանագիտական մարմնին եւ Յորդանանի համալսարաններու ռեկտորներու հետ։ Յետմիջօրէին Յոյն կաթողիկէ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ պիտի գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը մասնակցութեամբ Յորդանանի կղերին ։ Կիրակի, 10 մայիսին, առաւօտեան, Նորին Սրբութիւնը բացօդեայ պատարագ պիտի մատուցանէ Յորդանանի մարզադաշտին մէջ։ Կէսօրին լատիներու առաջնորդարանւին մէջ պիտի ճաշէ Արեւելքի պատրիարքներու ու եպիսկոպոսներու հետ եւ յետմիջօրէին ՜՜Յորդանան՝՝ գետի մէջ, այնտեղ՝ ուր Յիսուս Քրիստոս մկրտուեցաւ պիտի օրհնէ յոյներու եւ լատիներու եկեղեցիներու առաջին քարերը։

Երկուշաբթի 11 Մայիսին, առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը Ամմանէն պիտի մեկնի Իսրայէլ։ Թել Ավիւի օդակայանին մէջ տեղի պիտի ունենայ բարի գալուստի արարողութիւնը եւ յետմիջօրէին, Սրբզ. Պապը նախ Երուսաղէմի նախագահական պալատը պիտի այցելէ, ապա ողբի պատը եւ հանդիպում պիտի ունենայ միջկրօնական երկխօսութեան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, Երուսաղէմի ՜՜Տիրամօր՝՝ անուան նուիրուած կեդրոնին մէջ։ Երեքշաբթի, մայիս 12ը նուիրուած է միջկրօնական երկխօսութեան. հանդիպում՝ նախ Երուսաղէմի մուֆթիին հետ ապա տեսակցութիւն երկու ռապունապետերու հետ, որմէ ետք Երուսաղէմի վերնատան մէջ Սրբզ. Հայրը ՜՜Ողջ լեր թագուհի՝՝ մարեմեան աղօթքը պիտի արտասանէ ֆրանչիսքեան հայրերու հետ եւ պիտի այցելէ լատիներու աթոռանիստ եկեղեցին։

Յետմիջօրէին, հանդիպում՝ Երուսաղէմի հիւպատոսներու հետ։

Չորեքշաբթի, մայիս 13-ին Սրբազան Հայրը Պաղեստինի Բեթղեհէմ քաղաքը կայք պիտի առնէ, ուր պատարագ պիտի մատուցանէ եւ պիտի այցելէ Ծննդեան քարայրը։ Յետմիջօրէին այցելելէ ետք ՜՜Այտա՝՝ անուան գաղթօճախը եւ Գարիթասի մանուկներու կեդրոնը հանդիպում պիտի ունենայ պաղեստինեան իշխանութեան հետ Բեթղեհէմի պալատին մէջ եւ հուսկ պիտի վերադառնայ Երուսաղէմ։ Հինգշաբթի, մայիս 14, Նորին Սրբութիւնը պատարգ պիտի մատուցանէ Նազարէթ քաղաքը ապա հանդիպում պիտի ունենայ իսրայէլի վարչապետին հետ, իսկ յետմիջօրէին՝ ՜՜Երեկոյեան Ժամասացութիւն՝՝ պիտի կատարէ մասնակցութեամբ՝ Երուսաղէմի կղերին ։ Ուրբաթ 15 մայիսին, նախքան Հռոմ վերադարձը, Նորին Սրբութիւնը համամիութենական հանդիպում պիտի ունենայ յոյն օրթոտոքս պատրիարքարանի մէջ, նաեւ պիտի այցելէ թաղման տաճարը եւ Ս. Յակոբ հայ առաքելական պատրիարքարանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.