2009-03-27 13:12:17

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԻՒՏՃԷԻ ԵՌԱՄՍԵԱԿԱՅԻՆ ՀԱՄԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ։ Կոտայքի մարզի Աղուերան աւանին մէջ իր գումարած նիստին ընթացքին, կառավարութիւնը որոշած է 2009ի ծախսերու եռամսեակային համամասնութիւններուն մէջ կատարել փոփոխութիւններ եւ այս պիւտճէական տարեշրջանի 1ին, 2րդ եւ 3րդ եռամսեակներուն նախատեսուած ծախսային մասէն՝ 4րդ եռամսեակ տեղափոխել շուրջ 131 միլիառ դրամ։Պատճառը, (ըստ ֆինանսներու փոխնախարար Պաւել Սաֆարեանի) բաւարար հարկեր չհաւաքելու իրողութիւնն է եւ կառավարութեան նախանձախնդրութիւնը՝ պարտքեր չկուտակելու գծով։ Կառավարութիւնը յոյս ունի, որ չորրորդ եռամսեակին պիտի կարենայ անհրաժեշտ գումարները հաւաքել ու կատարել իր պիւտճէական նախատեսուած բոլոր ծախսերն ու յատկացումները։ Իր այս նիստին, կառավարութիւնը որոշած է Հայաստանի հանրապետութեան մէջ հերթական մարդահամարը կազմակերպել 2011ի Հոկտեմբեր 12-21ին։



Թուրք ճարտարագէտներու ու գործարարներու միութիւնը ԹԻՒՍԻԱՏ-ի (կը գրէ Պոլսոյ Մարմարա օրաթերթը) նախագահ Արզուհան Տողան Եալչընտաղ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային Մարտ 24 թուակիր նամակ մը յղած է՝ անոր ուշադրութիւնը հրաւիրելով Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ զարգացող երկխօսութեան վրայ։ Նամակէն օրինակներ ղրկուած են նաեւ փոխնախագահ Ճօ Պայտընի, արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի, պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյցի ու ազգային ապահովութեան խորհրդական Ճէյմզ Ճոնզի։ Բնականաբար, նամակին հիմնական նպատակն է (ինչպէս ամէն տարի) արգելք հանդիսանալ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուող աշխատանքներուն։ ՝՝Միջին Արեւելքի ու Կովկասի շրջանները, որոնք կնճռոտ հարցեր ունին, աւելի քան երբեք կը կարօտին Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա դաշնակցութեան, եւ այսպիսի պայմաններու մէջ շատ ժխտական արդիւնք կը ստացուի այնպիսի ձեռնարկներէ, որոնցմէ մէկն է Քոնկրէսին յղուած Հայկական Բանաձեւը՝՝ ըսուած է նամակին մէջ։ Նամակը մէկ կողմէ կը պնդէ, թէ ԹԻՒՍԻԱՏ կ՝ուզէ հայկական հարցը լուսաբանել քիչ գործածուած եւ քիչ կեղտոտած միջոցներով, իսկ միւս կողմէ կը յայտնէ, թէ կազմակերպութիւնը կը պայքարի հայերու կողմէ ՝՝ցեխարձակումներուն՝՝ դէմ։



Աշոտ Աւանեսեան Ուքրանիոյ Ազգային Փոքրամասնութեանց ղեկավար։

Աշոտ Աւանեսեան ընտրուեցաւ Ուքրանիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի ղեկավար։ Ուքրանիոյ ազգերու եւ կրօններու գործով ՝՝Պետական Յանձնաժողով՝՝ կը գործէ, որու կազմէն ներս կը մասնակցին համա-ուքրանական ազգային փոքրամասնութիւններու ղեկավարները։

Աշոտ Աւանեսեանը կը հանդիսանայ Ուքրանիոյ Հայերու միութեան ստեղծման նախաձեռնողն ու կազմակերպիչը։ 2001ի՝ Յուլիս1-էն ան ընտրուած է Ուքրանիոյ Հայերու միութեան առաջին նախաահ։ Ան նաեւ կը վարէ Ուքրանիոյ նախագահի Ազգութիւններու քաղաքականութեան հարցերու խորհրդատուի պաշտօնը։





Հիլարի Քլինթըն-ի նամակը ՝՝ԱՄՆ պատրաստ է աջակցելու ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ լուծման՝՝։Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն նամակ-ուղերձ մը յղած է Հայաստանի իր պաշտօնակից Էդուարդ Նալբանդեանին։ Ըստ նախարարութեան մամլոյ փոխանցած հաղորդագրութեան, Քլինթըն իր նամակին մէջ անդրադարձած է ՝՝հայ-ամերիկեան բարեկամական յարաբերութիւններուն , տարածաշրջանային հարցերուն եւ հայ- թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման կարելիութիւններուն՝՝։ Նամակը Նալբանդեանին յանձնուած է Մաթիու Պրայզայի ձեռամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.