2009-03-26 07:43:58

Քրիստոնէականի ուսուցում Զրոյց 36-րդ Եկեղեցւոյ Խորհուրդները '

Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդը 3


Քրիստոնէականի ուսուցում Զրոյց 36-րդ Եկեղեցւոյ Խորհուրդները '

Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդը 3



281-Եկեղեցին ի՞նչ կերպով Գոհութեան զոհին կը մասնակցի։

Գոհութեան Խորհուրդին մէջ՝ Քրիստոսի զոհը կը դառնայ Իր Մամինին անդամներուն զոհը։ Հաւատացեալներուն կեանքը, գովաբանութիւնը, տառապանքը, աղօթքը, գործերը կը միանան Քրիստոսիններուն։ Գոհութեան Խորհուրդը, որպէս զոհաբերում՝ կը մատուցուի նաեւ բոլոր ողջ թէ ննջեցեալ հաւատացեալներուն համար իբր հատուցում բոլոր մարդոց գործած մեղքերուն, ինչպէս նաեւ Աստուծմէ հոգեւոր եւ ժամանակի բարիքներ ընդունելու համար։ Երկինքի Եկեղեցին եւս մասնակից է Քրիստոսի ընծայումին։



282- Յիսուս ինչպէ՞ս ներկայ է Գոհութեան Խորհուրդին մէջ։

Յիսուս Գոհութեան Խորհուրդին մէջ ներկայ է առանձնայատուկ եւ անհամեմատելի կերպով։ Ան ներկայ է ճշմարտապէս, իրականապէս, գոյացապէս՝ Իր Մարմինով եւ Իր Արիւնով, Իր Հոգիով եւ Իր Աստուածութեամբ։ Ուստի ամբողջ Քրիստոսը՝ Աստուած եւ մարդ, հոն ներկայ է խորհրդենապէս, այսինքն՝ հացի եւ գինիի տեսակներուն ներքեւ։



283-Ի՞նչ կը նշանակէ գոյացափոխութիւն։

Գոյացափոխութիւն կը նշանակէ հացին ամբողջ գոյացութեան փոխուիլը Քրիստոսի Մարմինին գոյացութեան, եւ արիւնին ամբողջ գոյացութեան փոխուիլը Անոր Արեան գոյացութեան։ Այս փոխումը կ՛իրագործուի նուիրագործումի աղօթքին պահուն՝ Քրիստոսի խօսքին զօրութեամբ եւ Ս. Հոգիին ներործութեամբ։



284 -Հացին բեկանումը կը հատէ՞ Քրիստոսը։

Հացին բեկանումը չի հատեր Քրիստոսը։ Ան լման ու ամբողջական ներկայ կը մնայ Գոհութեան երկու տեսակներուն եւ անոնց իւրաքանչիւր մասերուն մէջ։



285-Քրիստոս Ս Հաղորդութեան մէջ մինչեւ ե՞րբ ներկայ կը մնայ։

Ներկայ կը մնայ որքան ատեն որ Սուրբ Հաղորդութեան տեսակները կը գոյատեւեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.