2009-03-26 07:39:02

Էջ մը Հայ Գրականութենէն – Գրիգոր Վկայասէր


Էջ մը Հայ Գրականութենէն – Գրիգոր Վկայասէր

Պահլաւունի իշխան եւ գրագէտ` Գրիգոր Մագիստրոսի որդին է Գրիգոր Վկայասէր, որու աշխարհիկ անունն էր Վահրամ։ Ան ծնած է մօտ 1025 թուին։ Իր հօր խնամքին տակ` ան ստացած է գիտական եւ բարեպաշտական կրթութիւն եւ այնքան մեծ համբաւի տիրացած` որ Բիւզանդիոնի կայսրէն դուքս անուանուած է։

1058-ին, հօր մահէն ետք` ան կը կարգուի կուսակալ Միջագետքի եւ Տարօնի։ Սակայն շատ չանցած` թողլով աշխարհի փառքն ու պատիւը, Գրիգոր կ՛առանձնանայ Ամանոսի լեռներուն մէյ եւ կ՛ապրի որպէս ճգնաւոր։ Իր սրբութեան համբաւը այնքան կը տարածուի շրջանին մէջ որ, երբ կը վախճանի Խաչիկ Ա. Անեցի կաթողիկոսը, ամէնքը միահամուռ զինք կ՛ընտրեն կաթողիկոս։ 1066-ին կ՛օծուի Ծամնդավի մէջ, ուր կը գտնուէր առժամեայ կերպով կաթողիկոսական աթոռը, յետ Անիի անկումին։ Զանազան եկեղեցական բարեկարգութիւններն ընելէ ետք` Գրիգոր Բ. կը թողու աթոռի տեսչութեան հոգը Գէորգ Լոռեցի վարդապետին եւ ինք կ՛երթայ Կ.Պոլիս։ Հոն կը սկսի թարգմանել Սուրբ Հայրերու գրութիւնները հայերէնի. Շնորհալի կ՛ըսէ իր մասին թէ մեր ազգին երկրորդ Մեսրոպը հանդիսացաւ, թարգմանելով ասորի եւ յոյն սուրբ Հայրերու գրութիւնները։ Մեծապէս յարգուեցաւ տեղւոյն քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններէն։

Վերադարձին` նաւը հակառակ հովի հանդիպելով, կը հասնի Եգիպտոս. Առիթէն կ՛օգտուի ուսումնասիրելու տեղւոյն կրօնաւորական կեանքը եւ շատ մը սուրբերու վարքերը կը գրէ հայերէնով. Ասոր համար է որ կ՛արժանանայ Վկայասէր տիտղոսին։ Հոն ալ Եգիպտոսի Սուլթանէն մեծ պատիւներ կը ստանայ եւ տեղւոյն 30.000 Հայերուն համար կը կարգէ իր եղբօրորդին Գրիգորիսը, որպէս եպիսկոպոս։ Կ՛անցնի նաեւ Երուսաղէմէն, ուրկէ կը հաւաքէ բոլոր սուրբերու վարքերը եւ կը բերէ Հայաստան։ 1099-ին, կ՛օգնէ Խաչակիրներու, Երուսաղէմի գրաւման ընթացքին. ըստ ոմանց` կը վախճանի Եգիպտոս, իսկ ուրիշներու համաձայն` Եփրատի մօտ, Քեսուն գիւղի Կարմիր վանքին մէջ, 1105-ին։

Մեծ եղաւ իր դերը կրօնաւորական կեանքի վերազարգացման մէջ մանաւանդ վանքերու եւ վանական կեանքի աշխուժացումին մէջ։ Ինք անձամբ շատ քիչ յօրինած է, աւելի զբաղած է թարգմանութիւններով, ինչպէս նաեւ թարգմանութիւններ ընել տալով իր աշակերտներուն, որոնց մէջ կը յիշուին զանազան վարդապետներ. Կիրակոս, Մատթէոս, Գէորգ` որ կոչուած է նաեւ Մեղրիկ, Թէոդորոս, Սիսիանոս Սեբաստացին, Սիսիոս ասորի վարդապետը եւ ի վերջոյ` Պօղոս Տարօնեցին։ Ասոնք եղած են իր աշխատակիցները եւ իր բազմարդիւն թարգմանութիւններու բաժնեկիցները։

Վկայասէրին կը վերագրուի Գործք Առաքելոցի մեկնութիւն մը, զոր կատարած է յետ ուսումնասիրելու Ս. Յովհան Ոսկեբերանի մեկնութիւնը։ Օգտուած է նաեւ նոյն Գրքի Եփրեմ Ասորիի կողմէ կատարուած մեկնութեան։

Ոսկեբերանէ եւ ուրիշ հայրապետներէ կատարած թարգմանութիւններու մէջէն, կարելի է յիշել Պրոկղի Ներբողը առ Ոսկեբերան, Ս. Եփրեմի ճառը գրուած Յովհաննէս Մկրտիչի վրայ, եւ այլ ներբողներու ու ճառերու թարգմանութիւններ։

Սակայն իր գլխաւոր գործը կը հանդիսանան իր թարգմանութիւնները սուրբերու վարքերուն, զոր կատարած է յունարէնէ եւ ասորերէնէ. Անոնք այսօր մեր Յայսմաւուրքի հարստութիւնը կը կազմեն եւ ծառայած են հարստացնելու մեր սրբոց ցանկը եւ մանաւանդ ծանօթացնելու հայութեան` միւս ծէսերու բազմարդիւն սուրբերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.