2009-03-24 13:52:24

Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին մամլոյ ելոյթը մամուլին հետ մինչ Անկոլայէն Հռոմ կը վերադառնայ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետին մամլոյ ելոյթը մամուլին հետ մինչ Անկոլայէն Հռոմ կը վերադառնայ։

Օդանաւին մէջ իրեն ընկերացող 70 լրագրողներուն հետ խօսակցելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը խօսեցաւ Ափրիկէի առաքելական այցելութեան տպաւորութիւններու մասին։ Նախ շեշտեց ափրիկէցիներուն ակնբախ հիւրընկալութիւնը եւ ցայտուն ուրախութիւնը։ Մեզ ընդունեցան որպէս անդամները Աստուծոյ ընտանիքին։ Եկրորդ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, մեծապէս տպաւորուած մնացի անոնց բարեպաշտութենէն, անոնց ապրումը ծիսակատարութիւններու ընթացքին, նուիրականի մասին մեծ գիտակցութիւն ունին։ Հուսկ` Սրբազան Քահայանապետը, անդրադարձաւ Եաունտէի անկարներու կեդրոնի մասին եւ ողջունեց Պետութիւն-Եկեղեցի համագործակցութիւնը օգնութեան հասնելու հիւանդներուն։ Վերջապէս`Սրբազան Քահայանապետը վերակոչեց եպիսկոպոսներու սիւնոդոսի աշխատանքին ընթացքը ընդգծելով թէ Ափրիկէն ցամաքամաս մըն է լի յոյսերուվ ու հարցերով։

Ափրիկէցի կիներու հետ հանդիպում – Նախքան մեկնիլը դէպի Հռոմ Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետը ուզեց հանդիպում ունենալ այն եկեղեցական շարժումներուն հետ, որոնք պաշպանը կը հանդիսանան Ափրիկէի կիներուն։ Առանց կիներու,ըսաւ ան, ընկերութիւնը կը տկարանայ։ Կնոջ ներկայութիւնը էական է ընկերութեան բարգաւաճումին համար։ Կինը, ըսաւ Սրբազան Քահայանապետը Արարիչէն օժտուած է յատուկ պարգեւով մը, ինքզինք ուրիշի տալ, կինը եզակի դեր մը ունի կատարելիք մարդու իրաւունքներու ամրապնդումին համար։ Առանց կնոջ ձայնին ընկերութիւնը կը տկարանայ։ Ապա Սրբազան Հայրը ըսաւ. քանի կինը մեծ ազդեցութիւն ունի ընկերութեան մէջ անիկա հրաւիրուած է պաշտպանելու կեանքի արժանաւորութիւնը դաստիարակութեան միջոցաւ ու իր մասնակցութիւնը բերելով քաղաքական ու քաղաքացիական կեանքին։ Ներկայ ճարտարարուեստ ընկերութեան մէջ հարկը կը զգացուի կնոջ ներկայութեան ու մասնակցութեան։ Ապա Սրբազան Հայրը ընդգծեց կարեւորութիւնը մայրական ներկայութեան ընտանիքին մէջ։ Այս պատճառաւ ընկերութիւնը կանչուած է ոչ միայն ճանչնալու, գնահատելու այլեւ բոլոր միջոցներով նեցուկ կենալու կնոջ մայրական ներկայութեան։ Հուսկ Սրբազան Քահայանապետը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով հարկ է փոխել այն մտածելակերպը թէ քրիստոնէութիւնը շարք մըն է պատուիրաններու ու արգելքներու, ընդհակառակը` ընդգծեց Սրբազան հայրը, Աւետարանը ուրախութեան պատգամ մըն է, որ կը քաջալերէ այրերն ու կիները գտնելու իրենց երջանկութիւնը ամուսնական սիրոյ մէջ։ Այս սէրը խեղթելու փոխարէն, քրիստոնեական հաւատքն ու բարոյականը, աղռղջ, զօրաւոր ու ազատ կը դարձնեն զայն։ Տասը պատուիրանները ժխտական շարք մը չեն, այլ կեանքի սիրոյ արտայայտութիւնն են








All the contents on this site are copyrighted ©.