2009-03-22 15:25:21

Քաջագործ Հայորդի մը։ Խմբապետ Մուշեղ որ մահացաւ 19 մարտ 1956ին՝Պէյ րութի մէջ (1887-1956)։


Քաջագործ Հայորդի մը։ Խմբապետ Մուշեղ որ մահացաւ 19 մարտ 1956ին՝Պէյ րութի մէջ (1887-1956)։

Հայ ժողովուրդի անձնուրաց քաջորդիներու փաղանգին մէջ առանձնայատուկ իր պատուանդանը ունի Սասնոյ Խիանք գաւառը ծնած այս քաջագործ հայորդին՝ Աւետիսեան Մուշեղ անունով, հռչակուած իբրեւ Խմբապետ Մուշեղ։ 1887ին ծնած՝ Մուշեղ կը պատկանէր Հայկական Ազատամարտի միջնաբերդ Տարօն Աշխարհը ըմբոստացման եւ պայքարի հանած աննման Ֆետայիներու երկրորդ սերունդին։ Մանուկ տարիքին ականատես դարձաւ 1894-1895ի Սասնոյ առաջին ապստամբութեան, իր կարգին կրեց հետեւանքները Համիտեան կոտորածներու մահասփիւռ խորշակին եւ, Ս. Կարապետ վանքի ու Մշոյ վարժարաններուն մէջ յեղափոխաշունչ ուսումի տիրանալով, պատանի տարիքէն սնանեցաւ ու առաջնորդուեցաւ՝ Սերոբ Աղբիւրներու եւ Հրայր Դժոխքներու, Անդրանիկներու եւ Գէոր Չաւուշներու յանդգնութեան, արիութեան եւ անձնազոհութեան օրինակով։ Սասնոյ երկրորդ եւ երրորդ ապստամբութեանց շրջանին, 1904ին եւ 1907ին, Մուշեղ արդէն անդամագրուած էր Դաշնակցութեան եւ աշխոյժ մասնակից էր ֆետայական կռիւներուն։ Երիտասարդ իր այդ տարիքէն Մուշեղ գրաւեց ուշադրութիւնը Ռուբէն Տէր-Մինասեանի, որուն վստահուած էր Տարօն Աշխարհի յեղափոխական կազմակերպումը։ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Ռուբէնի յանձնարարութեամբ, Մուշեղ անցաւ Տիգրանակերտ եւ լծուեցաւ տեղւոյն հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռուանները կազմակերպելու գործին։ Դաշնակցութեան Զինուորի իր կերպարը այդպէ՛ս արմատաւորուեցաւ եւ ամրապնդուեցաւ։ Եւ 1915ին, Տարօնի հայութեան վեցամսեայ հերոսամարտի ամբողջ տեւողութեան, Մուշեղ դարձաւ շրջանի զինուորական հրամանատարութեան գլխաւոր դէմքերէն մէկը՝ հնարաւորինս փրկելով Տարօնի հայութիւնը։ 1916էն -1917, իբրեւ Խնուսի ձիաւոր գումարտակի հրամանատար, Մուշեղ մնաց Սասնոյ լեռներուն վրայ եւ շարունակեց՝ քրտական ու թրքական սանձարձակութեանց ենթակայ հայութեան բեկորները հաւաքելու ու փրկելու Գործը։ Ռուսական զօրքերու նահանջէն եւ Արեւմտահայաստանի հայութեան պարպումէն ու Արեւելահայաստան գաղթէն ետք, 1918էն -1920, զէնքի իր հին ընկերոջ՝ Փեթարայ Մանուկի հետ, ապա անոր նահատակութենէն ետք առանձինն՝ Մուշեղ պատմական նշանակութեամբ մեծ գործ կապեց իր անունին, Թալինի ամբողջ շրջանը թաթարներէն մաքրագործելով եւ Սասունէն ու Մուշէն գաղթած հայութիւնը բնակեցնելով։ Խմբապետ Մուշեղի վերջին խոյանքը հանդիսացաւ 1921ի Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութեան յաղթանակը։ Սասունցի իր քաջագործ մարտիկներուն գլուխն անցած՝ խմբապետ Մուշեղ եղաւ Փետրուար 18ի ըմբոստացման առաջին ազդանշանը տուողներէն մէկը՝ Էջմիածինէն ու Աշտարակէն վտարելով կարմիր ջոկատայիններուն ապաւինած հայ պոլշեւիկները։ Այնուհետեւ՝ Ատրպատական անցած Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ, Խմբապետ Մուշեղ իր կարգին ցմրուր ճաշակեց տարագիր հայու ճակատագրին դառն բաժակը։ Որոշ ժամանակ ապրեցաւ Յունաստան, ապա՝ Հալէպ եւ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Պէյրութ, ուր եւ մահացաւ 19 Մարտ 1956ին՝ ապագայ սերունդներուն ցոյց տալով իր ժողովուրդին ու Հայաստանի ազատագրութեան համար մինչեւ վերջին շունչ նուիրաբերման վարակիչ օրինակ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.