2009-03-22 15:25:40

Լուրեր հայ աշխարհէն - Երեւանի Մէջ Ժանսէմի նկարներու ցուցահանդէսի բացում


Լուրեր հայ աշխարհէն - Երեւանի Մէջ Ժանսէմի նկարներու ցուցահանդէսի բացում

Երեւանի կեդրոնը գտնուող Արամէ պատկերասրահին մէջ Ուրբաթ օր բացումը կատարուած է ֆրանսահայ մեծանուն գեղանկարիչ Ժանսէմի (Յովհաննէս Սէմէրճեան) նկարներու ցուցահանդէս-վաճառքը։ Արուեստասէրներուն ներկայացուած է Ժանսէմի 43 նկարներ, որոնցմէ 30ը լիտոգրաֆներ էին, 5ը՝ գծագրային աշխատանքներ, նոյնքան ալ գեղանկարներ, որոնք վերջին ժամանակաշրջանի աշխատաքներ են։



Ոչ Եւս Է Դանիէլ Վարուժանի Դուստրը

Հայ գրականութեան ամէնէն նշանաւոր ներկայացուցիչներէն բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի դուստրը՝ 98 ամեայ Վերոնիքա Սաֆրասեան, վերջերս, իր մահկանացուն կնքած է Ամերիկայի Նիւ Եորք նահանգի Փարտիս քաղաքին մէջ։

Վերոնիքա Սաֆրասեան ծնած էր 6 Սեպտեմբեր 1910ին, Սվասի Բրգնիք գիւղը։ Զուիցերիոյ մէջ իր ուսումը ստանալէ ետք, 1930ին գաղթած է Ամերիկա, իսկ նախքան հանգստեան կոչուիլը՝ 1982ին, ան աշխատած է ամերիկեան զանազան գրադարաններու մէջ։ Վերոնիքա Սաֆրասեան իր ամբողջ կեանքի տեւողութեամբ հպարտացած է իր հայ ինքնութեամբ։ Ան կեանքէն հրաժեշտ առած է՝ իր ետին թողելով դուստր մը, թոռ մը, թորան զաւակ մը եւ եղբօրորդիներ։



Ներկայացում Երուանդ Օտեանի Անգլերէն Հատորին

Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ պիտի ներկայացնէ Արա Ստեփան Մելքոնեանի կողմէ անգլերէնի թարգմանուած՝ Երուանդ Օտեանի ACCURSED YEARS։ My Exile and Return from Der Zor, 1914-1919 հատորը, որ կառնչուի 1915էն 1919ի միջեւ հեղիանկին Տէր Զօր աքսորին եւ հոնկէ վերադարձին։ Հատորը հանրութեան պիտի ներկայացնեն , Լոնտոնի Կոմիտաս հիմնարկէն Արա Սարաֆեան ու Վաչէ Սեմերճեան:



՜՜Համակարգչային Նորագոյն Արտադրանք՝՝ կը ներմուծուին Հայաստան

Չորեքշաբթի 18 Մարտ 2009-ին, Microsoft ընկերութեան երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Գրիգոր Բարսեղեան լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման ընթացքին յայտնեց, թէ այս տարի Հայաստան պիտի ներմուծուին համակարգչային ոլորտէն ներս կիրառուող նորագոյն արտադրանքներ՝ Windows 7 եւ Internet Explorer 8ը, իսկ յառաջիկայ աշնան տեղի պիտի ունենայ այդ արտադրութիւններուն շնորհահանդէսը։

Մենք հաւատարիմ ենք մնալու մեր սկզբունքներին ու նախորդ համակարգերի փորձով, սրանք էլ լոյս աշխարհ գալուց յետոյ շատ արագ հասանելի ենք դարձնելու նաեւ հայերէնով, ըսած է Բարսեղեան աւելցնելով՝ որ՝ նշեալ արտադրանքը ներկայիս արդէն կը կիրառուի Microsoft ընկերութեան երեւանեան գրասենեակին կողմէ։



Էյրպաս Ա-319 նոր օդանաւ Արմաւիա օդանաւային ընկերութեան

Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ Չորեքշաբթի օրը ցոյց տրուեցաւ Հայաստանի ազգային Արմաւիա օդանաւային ընկերութեան Էյրպաս Ա-319՝ եւ 124 տեղ ունեցող բոլորովին նոր ինքնաթիռը։ Անիկա մէկ օր առաջ (երեքշաբթի օրը) Համպուրկէն Հայաստան բերուած էր։

Այս նոր օդանաւով առաջին թռիչքը կատարուեցաւ դէպի Թիֆլիս։

Անցեալ երկու տարիներու ընթացքին ասիկա երկրորդ նոր ինքնաթիռն է, որ կաւելնայ Արմաւիայի օդանաւերու խումբին։ Նշենք, որ համաշխարահային տնտեսական ճգնաժամի պատճառով, ինքնաթիռներու գիները աժանցած են։ Արմաւիայի տնօրէն Բելլույեանի համաձայն, Մարտ 30ին պիտի սկսին Երեւան-Ցիւրիխ-Երեւան թռիչքները, իսկ Ապրիլ 14ին ալ ՝ Երեւան-Պերլին-Երեւան թռիչքները։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.