2009-03-20 13:27:31

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը Գամերուն եւ Անկոլա։


Նորին Սրբութիւնը Ուրբաթ 20 Մարտ 2009-ի առաւօտեան, Գամերունէն Անկոլա մեկնեցաւ, Ողջերթի արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց երկրի հանրապետութեան նախագահին, պետութեան ու Եկեղեցւոյ՝ ջերմ ընդունելութեան համար։

Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ՜՜Կ՛ուզեմ յայտնել իմ գնահատանքս ձեր կատարած ջանքին համար որպէսզի իմ կեցութիւնս ձեր մէջ ըլլայ ՜՜խաղաղ եւ հաճելի՝՝։ Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց որոնք աղօթեցին եւ կ՛աղօթեն որպէսզի ՜՜Եպիսկոպոսներու Սիւնոդոսը Ափրիկէի համար՝՝ ըլլայ շնորհքի պահ մը համայն Եկեղեցւոյ համար, եւ Ափրիկէի համար ըլլայ ՜՜ժամանակ վերանորոգումի ու Աւետարանը տարածելու նոր յանձնառումի՝՝ ։

Ապա նորին սրբութիւնը խօսելով հինգշաբթի օրը երեկոյեան, անկարներու կեդրոնը իր կատարած այցելութեան մասին ըսաւ. ՜՜կարտինալ Լէժիէյի նուիրուած հիւանդանոցի այցելութիւնս շատ յուզիչ եղաւ ի տես բժիշկներու եւ հիւանդապահներուն , ու անոնց անկարներուն տուած խնամքին։ Անոնց հոգատարութիւնը նման է Յիսուսի տուած հոգատարութեան, եւ յոյսի ստոյգ նշան մը ՜՜թէ Եկեղեցւոյ եւ թէ Ափրիկէի՝՝։

Իմ հանդիպումս իսլամ հասարակութեան անդամներուն հետ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, եղաւ շատ սիրալիր։ Մաղթանքս է որ քրիստոնեաներն ու մահմետականները համագործակցին ի սպաս խաղաղութեան, ու հասարակաց բարիքին։ Ճշմարիտ կրօնքը կը մերժէ բռնութեան բոլոր երեւոյթները եւ տիրապետութիւնը։ Կրօնքին գլխաւոր պարտականութիւններէն մէկն է ՜՜մարդոց յայտնել մարդկային տրամաբանութեան զօրութիւնը՝՝ որ իր կարգին աստուածային շնորհք է եւ անով կը զօրանան յայտնութիւնն ու հաւատքը։

Գամերուն այցելութեանս գլխաւոր պատճառն է ,ըսան Սրբզ. Պապը, հանդիպում ունենալ քրիստոնեայ հասարակութեան հետ։ Ինծի համար մեծ ուրախութիւն եղաւ ձեր մէջ գտնուիլ, միասնաբար խորհրդակցիլ ու աղօթել։ Ձեր մօտ եկայ նաեւ յանձնելու եպիսկոպոսներու սիւնոդոսի թղթածրարը։ Ասիկա յոյսի մեծ պահ մըն է Ափրիկէի համար։ Գամերունի բնակիչներ, յարեց Պենետիկտոս ԺԶ, կը հրաւիրեմ ձեզ որ համապատասխանէք այս կարեւոր պահուն որ Տէրը կը շնորհէ ձեզի, եւ աշխատեցէք հաստատել հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը ձեր ընկերութեան մէջ։ Գործեցէք անարդարութեան, աղքատութեան ու սովի ջնջումին համար, ուր որ ալ ըլլան անոնք։ Թող Տէրը օրհնէ այս գեղեցիկ երկիրը` մանրակերտը Ափրիկէի, խոստացեալ երկիր, փառքի երկիր։

Միշտ այսօր 20 Մարտ 2009, կէսօրին Նորին Սրբութիւնը Անկոլայի մայրաքաղաքը հասաւ, ուր միջազգային օդակայանին մէջ Նորին Սրբութեան բարի գալուստ մաղթելու համար եկած էին հանրապետութեան նախագահը, երկրի իշխանութեան աւագանին ու եկեղեցական իշխանութիւնները։ Պահ մը հանգիստ կատարելէ ետք առաքելական դեսպանատան մէջ Սրբզ. Հայրը այցելութիւն կատարեց հանրապետութեան նախագահին ապա հանդիպում ունեցաւ երկրի դիւանագիտական մարմնին հետ։ Հուսկ առաքելական դեսպանատան մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ Անկոլայի եպիսկոպոսներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.