2009-03-20 13:23:04

Հայ Կաթողիկէ Համայնքի երբեմնի առաջնորդ՝ Աբրահամ Արք Քիւփէլեանի Օրագրութիւնը հատորը։


Վերջերս, Հալէպի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի կողմէ հրատարակուած է նորատիպ 240 էջանի Աբրահամ Արք Քիւփէլեանի Օրագրութիւնը հատորը, զոր հրատարակութեան պատրաստած եւ ուսումնասիրած են Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ՝ Արհի. Պետրոս արք Միրաթեան եւ բանասէր փրօֆ. Միհրան Մինասեան։

Գիրքը ականատեսի ձեռագիր օրագրութիւնն է 19-րդ դարասկիզբին ապրած Հալէպի հայ կաթողիկէ եկեղեցականներէն Աբրահամ արք Քիւփէլեանի։

Հատորը պատրաստող ուսումնասիրողները, Աբրահամ արք Քիւփէլեանի ապստամբութեան պատմութիւնը 23 հոկտեմբեր 1819-էն մինչեւ 31 յունուար 1820 ներկայացուցած են գրքին մէջ եւ մեզի կը ծանօթացնեն պատմական այն աղբիւրները, որոնք անդրադարձած են տուեալ ապստամբութեան. եւ ապա 47 էջերու ընդմէջէն կու տան հեղինակին կենսագրութիւնը, ձեռագրին նկարագրութիւնը եւ կը բացատրեն, թէ իրենք ի՛նչ սկզբունքներու հետեւած են ձեռագրի հրատարակութեան ժամանակ։ Ուսումնասիրողները նախ հայերէնէ արաբերէնի թարգմանած են այն երեք էջերը, որոնք կընդգրկեն ապստամբութեան առաջին 18 օրերու դէպքերը, ապա անցած են հեղինակին արաբերէնով շարունակած բաժինին, որ կաւարտի ապստամբութեան 104-րդ օրով։ Գիրքին մէջ կը գտնենք ինը յաւելուածներ, ուր կան Զմմառի վանքին պատասխանատուներուն եւ հեղինակին միջեւ փոխանակուած նամակներէ հատուածներ, որոնք գրուած են ապստամբութեան ընթացքին ու կը խօսին պատահած դէպքերուն մասին։









Հակիրճ տողերով ծանօթանանք Աբրահամ արք Քիւփէլեանին։

Ան երբեմնի առաջնորդն է Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքին։ Ծնած է Քիլիս, 8 յունուար 1786-ին, հայկական տոմարով՝ 1235 թուականին։ Փոքր տարիքէն կորսնցուցած է հայրը, եւ մայրը զինք բերած է Հալէպ, ապա ուղարկած՝ Լիբանանի Զմմառու վանքը՝ կրօնական ուսում ստանալու համար։ 1809-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ եւ կրօնական առաքելութեամբ 1810-ին կուղարկուի Հալէպ եւ շուտով կը դառնայ պատրիարքական փոխանորդ, ապա մեծաւոր՝ 1814 թուականին։ Այդ միջոցին ականատես կըլլայ Խորշիտ փաշայի դէմ շղթայազերծուած հալէպցիներու ապստամբութեան։

1823-ի Յուլիս 23-ին պաշտօնական արարողութեամբ կ՝օծուի առաջնորդ Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքին ու կը մնայ Լիբանան՝ հոնկէ վարելու առաջնորդական իր պարտաւորութիւնները՝ ըստ այդ օրերու ընկալեալ սովորութեան։ 1824-ին կը վերադառնայ Հալէպ, համայնքի մեծամեծներէն՝ Եուհաննա Պալիթի մահուան պատճառով՝ եւ հոնկէ կը վարէ համայնքային գործերը։

1825-ին իր կարգ մը քահանաներուն չարախօսութիւններուն պատճառով պաշտօնազուրկ կըլլայ ու կը վերադառնայ Զմմառու վանք, բայց 1828-ին, իր անմեղութիւնը փաստուած ըլլալով, Հռոմի կարգադրութեամբ դարձեալ կը դառնայ Հալէպի իր հօտին, եւ երբ օսմանեան պետութիւնը կը ճանչնայ կաթողիկէ համայնքներու գոյութիւնը իր երկրին մէջ, եւ կարտօնուի անոնց եկեղեցիներ կառուցել, Քիւփէլեան կը գնէ Գարա Ալիներու ապարանքը եւ զայն եկեղեցիի կը վերածէ, որ այժմու Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի աթոռանիստ եկեղեցին է Թիլել պողոտային վրայ, բայց առաջնորդ Աբրահամ արք Քիւփէլեան կը վախճանի 27 յուլիս 1832-ին՝ վարակուած ըլլալով Իպրահիմ փաշայի զինուորներուն միջոցով Հալէպ հասած քոլերայի համաճարակով։ Ան նախ կը թաղուի Հալէպի պարիսպներէն դուրս, ապա 1840-ին անոր աճիւնները կամփոփուին իր իսկ կառուցած եկեղեցիին եկեղեցականներու յատուկ դամբարանին մէջ, Ս. Յիսուսի խորանին ետին։

Քիւփէլեան արքեպիսկոպոսը բարձր զարգացում ունեցող անձնաւորութիւն մըն էր, որ կը տիրապետէր քանի մը լեզուներու։ Ունի բազմաթիւ ինքնագիր եւ թարգմանական գործեր՝ հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով։ Ընդօրինակած է քանի մը աղօթագիրքեր։ Աւանդ ձգած է իր օրագրութիւնը, ուր, ի շարս այլոց, կայ նաեւ հալէպցիներու կողմէ կուսակալ Խորշիտ փաշային դէմ շղթայազերծուած ապստամութեան օրագրութիւնը։ հատորը կ՝աւարտի 40 էջանի բաժինով մը , ուր երկու բանասէրները ցանկագրած են գիրքին մէջ ծանօթագրուած բոլոր բառերը՝ ՜՜տեղանուն, անձնանուն, օտար բառեր, եզրեր եւ այլն՝՝ եւ տուած՝ անոնց էջաթիւերն ու ծանօթագրութեանց թիւերը՝ որպէս դիւրութիւն ընթերցողին։







 








All the contents on this site are copyrighted ©.