2009-03-20 15:18:22

Բարի գալուստի արարողութիւն Անկոլայի մէջ


Այսօր կէսօրին, ժամը 12.45ին քահանայապետական սաւառնակը Լուանտա հասաւ։ Բարի գալուստի արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ՜՜Անկոլա կու գամ որպէս ուխտաւոր, աչքիս առջեւ ունենալով ափրիկեան ցամաքամասը։ Կը քաջալերեմ ձեզ շարունակելու ձեր ընթացքը ի խնդիր երկրի խաղաղեցումին ու վերակերտումին, որպէսզի Անկոլայի ընկերութիւնը կարենայ ապրիլ միշտ աւելի ազատութեամբ, խաղաղութեամբ ու զօրակցութեամբ՝՝։

Ապա ,Սրբազան Հայրը խօսելով՝ իր անձնական փորձառութեան մասին ըսաւ. ՜՜կու գամ երկրէ մը, ուր խաղաղութիւնն ու եղբայրակցութիւնը շատ սիրելի են իմ հայրենակիցներուս մօտ՝՝։ Ինծի պէս անոնք ալ ճանչցան պատերազմը եւ բաժանումը, տմարդի գաղափառախօսութեան հետեւանքով։ Ասոր համար է որ ՜՜ ես ձեզ լաւ կրնամ հասկնալ՝՝։ Հասկնալ ձեր դժուարութիւնները, եւ թէ որքան անհրաժեշտ է երկխօսութիւնը՝ մարդոց միջեւ, նուաճելու՝ ընդհարումներն ու լարուածութիւնները որպէսզի ձեր հայրենիքը դարձնէք ՜՜տուն խաղաղութեան ու եղբայրակցութեան՝՝ ։ Ասոր համար նաեւ կը հրաւիրեմ ձեզ որ չհամակերպիք ՜՜հզօրի օրէնքին՝՝։ Դժբախտաբար ձեր հողին վրայ տակաւին բազմաթիւ են աղքատները, որոնք կը պահանջեն իրենց իրաւունքին յարգանքը ։ Կարելի չէ անտեսել այն բազմահազար անկոլացիները որոնք թշուառ կեանք մը կ՛ապրին, մի՛խեղդէք անոնց ակնկալութիւնները։

Որպէսզի դուք կարենաք կեանք տալ արդար ընկերութեան մը, հարկաւոր են բոլորին կողմէ ընդունուած արժէքները։ Ես վստահ եմ, ըսաւ նորին սրբութիւնը թէ այդ արժէքները պիտի կարենաք գտնել Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին մէջ։ Եթէ ես այսօր Անկոլա կը գտնուիմ, պարզապէս որովհետեւ դուք եղաք ենթահարաւային Ափրիկէի առաջին քրիստոնեայ կաթողիկէ համայնքը։ Ձեր մէջ կը գտնուիմ ձեզ վերահաստատելու համար Յիսուսի հաւատքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.