2009-03-20 13:49:40

35 - Հայկական Երաժշտութիւն

Հայկական երաժշտութեան վարպետները

Վարդգէս Տալեան


Վարդգէս Տալեան Գուսան Շերամի անդրանիկ որդին է, ուստի եւ Շարա Տալեանի հօր զարմիկը։ Ծնած է Աղեքսանդրապոլ – այժմու Կիւմրի - 1896-ին. Ան եղած է երաժշտագէտ եւ երգահան, ինչպէս նաեւ մեծ մանկավարժ եւ երաժշտութեան ուսուցիչ։

1915-ին, իր ընտանիքը կը հաստատուի Թիֆլիս, ուր ան կը ստանայ իր միջնակարգ կրթութիւնը։ 1926-ին, ան կ՛աւարտէ Թիֆլիսի երաժշտագիտական դպրոցը, աշակերտելով Սարգիս Բարխուդարեանի եւ Շչերբաչովի։ Աւարտած է Տոնի Ռոստով քաղաքի համալսարանին մէջ` բժշկական մասնաճիւղը 1924-ին։

1924-էն սկսեալ կը սկսի երաժշտութիւն եւ երգահանում դասաւանդել Թիֆլիսի Հայարտեան երաժշտական դպրոցին մէջ։ 1933-էն սկսեալ կը դառնայ ղեկավար Թիֆլիսի պետական նուագախումբին։ Ան նախագահն էր Վրաստանի երգահաններու միութեան հայակական բաժնին։

1934-էն սկսեալ ան կը տեղափոխուի Երեւան, ուր կը սկսի դասաւանդել Պետական երաժշտանոցի մէջ, սորվեցնելով երգահանութեան արուեստը։ Ինքն է որ հիմնադիրը կ՛ըլլայ Երեւանի երգահանութեան մասնաճիւղին։ Մասնաւորապէս մեծ վաստակ ունի իր աշակերտներուն տուած այն ուսուցումովը եւ տուած ուղղութեամբը որ իրենց յօրինուածքներուն մէջ հայկական շունչ դնեն։

Իր աշակերտներուն մէջ ամէնէն նշանաւորներն են Առնօ Պապաջանեան, Արամ Մերանկիւլեան, Ալեքսանդր Յարութիւնեան, Ղազարոս Սարեան, Էդուարդ Միրզոյեան եւ ուրիշ շատեր։ Ան յաջողած է բոլորին մէջ դրոշմելու սէրը հայ աւանդական եւ տոհմային երաժշտութեան որոնցմով թրծուած պիտի ըլլային ապագային իր աշակերտներու երաժշտական գրեթէ բոլոր յօրինուածքները։

Իր երաժշտական գործերէն կրնանք յիշել հետեւեալները, մանաւանդ որ ան շատ բեղուն եղած է իր ստեղծագործութիւններուն մէջ, եւ ամէն տեսակի երաժշտութեան ձեռք զարկած է։ Իր մատաղ հասակին արդէն, Թիֆլիսի մէջ` 1920-ին, ան յօրինած է Կիւլիզար երաժշտական տրաման, որ աւելի օփերէթի կը նմանի։ Նշանաւոր են` Լարային քառեակը, 1935-ին, ջութակի սոնատը, 1944-ին, դաշնամուրային երրեակը, 1946-ին եւ Ռուշանի քարափը Օփերան, 1938-ին, որ ըստ Նայիրի Զարեանի անաւարտ մնացած է։ Գրած է նաեւ Հայաստան երգը երգի պարի անսամպլի համար։

Վարդգէս Տալեան եղած է նաեւ ժողովրդական արդի երգերու յօրինող մը, հետեւելով իր ընտանեկան սերնդական հակումին դէպի աշուղային երաժշտութիւնը։ Գուսան Շերամի որդին ըլլալով` ան կատարած է շատ մը աշուղական երգերու – հաւանաբար իր հօրենական ժառանգութենէն մնացած – մշակումներ։

Համայնավարութեան ազդեցութեան տակ` գրած է նաեւ երգեր ու ռոմանսներ, որոնք կոլխոզային պատկերներ կը ներկայացնեն. Սակայն միշտ ազգային ջիղը տիրապետող եղած է իր երաժշտական յօրինուածքներուն մէջ։

Վարդգէս Տալեանը կարելի է համարել որպէս մեր լաւագոյն մանկավարժ երաժիշտներէն մին, որ կարող եղած է հասցնել հայ երաժիշտներու նոր սերունդներ, լի ազգային ոգիով եւ հայրենի աւանդութեանց կառչած. Անձնապէս նաեւ իր բոլոր ստեղծագործութիւններուն մէջ միշտ գերիշխող տարրը հանդիսացած է ազգային երաժշտութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.